2013-10-06 12:30:25

Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքի Ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը Վերյիշեց Ասսիզիի Ուխտագնացութիւնը Եւ Լամբետուզայի Նաւաբեկութեան Զոհերը։


Կիրակի, 6 հոկտեմբերի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քհանայապետը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ, Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց որուն սկիզբը ըսաւ` ''գոհութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ անցեալ օր, Ասսիզիի մէջ ապրած օրուան համար։ Առաջին անգամն էր որ Ասսիզին կ՛այցելէի եւ մեծ շնորհք մը եղաւ այդ ուխտագնացութիւնը կատարել Սուրբ Ֆրանչիսկոսի տօնին օրը։
Սրբազան Քահանայապետը ապա խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն վրայ, քաղուած` Ղուկասի աւետարանէն (Գլ. 17, 5-6), եւ որուն մէջ աշակերտները Տիրոջմէ կը խնդրեն. ''Տէր աւելցուր մեր հաւատքը''։ Նորին Սրբութիւնը հաւատացեալները հրաւիրեց Տիրոջ հայցելու ''Տէր աւելցուր մեր հաւատքը''
ու ապա մատնանշեց թէ հոկտեմբեր ամիսը նուիրուած է ''առաքելութեան'' ու նաեւ ''Սուրբ Վարդարանին''։ Սրբազան Քահանայապետը վերյիշեց բոլոր անոնք որ իրենց առաքելութիւնը կը կատարեն ''Աւետարանը'' քարոզելով եւ իրենց կեանքի օրինակով վկայելով անոր մասին։ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ ''աղօթքը հաւատքի ոգին է'' եւ թէ աղօթքը վստահութեան ու սիրոյ յարաբերութիւն մըն է ընդմէջ հոգիին եւ Աստուծոյ։

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Հայրը վերյիշեց Մոտենայի մէջ կայացած Ռոլանտօ Ռիվի-ի երանացման արարողութիւնը ու ապա ողջունելէ ետք Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող զանազան հասարակութիւններն ու ընտանիքները ուզեց յատուկէն վերյիշել Լամբետուզայի նաւաբեկութեան զոհերը հրաւիրելով հաւատացեալները դարձեալ աղօթելու անոնց համար։

Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը եզրափակեց բոլորին մաղթելով ''բարի կիրակի''։








All the contents on this site are copyrighted ©.