2013-10-05 09:21:17

Վերջ Գտաւ Ֆրաչիսկոս Քահանայապետի Միօրեայ Ուխտագնացութիւնը Ասսիզի ։


Ուրբաթ 4 հոկտեմբերի երեկոյեան, վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի միօրեայ ուխտագնացութիւնը Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Սրբավայրը՝ Ասսիզի։
Իր կեցութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը առիթ ունեցաւ այցելելու Սուրբին հետ առընչութիւն ունեցող տասը վայրեր, ու հանդիպելու Ասսիզիի աղքատներուն, Ումպրիա նահանգի կղերական դասին, Սրբուհի Պայծառի հիմնած Գլարիս միաբանութեան անդամներուն եւ ապա Ումպրիայ Նահանգի երիտասարդներուն հետ։ Ֆրանչիսկոս Պապը առաւօտեան Սուրբ Ֆրանչիսկոսի անուան Պազիլիքայի հրապարակին վրայ մատոյց նաեւ սուրբ պատարագ 50 հազար հաւատացեալներու մասնկացութեամբ։
Յետմիջօրէի ժամը 16.45-ին Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ ''Տիրամօր Հրեշտակաց'' տաճարը, ուր պահ մը աղօթեց ''Բորցիունքոլա մատրան'' մէջ որ է Սուրբ ֆրանչիկոսի, 1209 թուականին, նորոգած եկեղեցին եւ որ ներկայիս կը գտնուի '' Տիրամօր Հրեշտակաց'' տաճարին մէջ։
Ումպրիայի երիտասարդներուն հետ հանդիպումը տեղի ունեցաւ ''Տիրամօր Հրեշտակաց'' տաճարի հրապարակի վրայ։ Նորին Սրբութեան ողջոյնի խօսք ուղղեց Սբոլէդօ - Նորչա թեմի առաջնորդը գերապայծառ Ռէնաթօ Պոքքարտոն որմէ ետք չորս երիտասարդներ Սրբազան Քահանայապետին ուղղեցին չորս հարցումներ` կոչումի, ընտանիքի, աշխատանքի եւ առաքելութեան մասին։
Երիտասարդներուն ուղղած իր պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը պատասխանելով անոնց հարցումներուն ակնարկեց ''Սուրբ Պսակի'' խորհուրդին որպէս իսկական կոչում նման քահանայութեան եւ կրօնաւոր կեանքի կոչումին։ Սրբազան Հայրը հուսկ անդրադարձաւ Ընտանիքի մասին ըսելով որ ''Ընտանիքը օրհնուած է Աստուծմէ սուրբ պսակի խորհուրդով եւ անոր առաքելութիւնն է զաւակ բերել ու դաստիարակել''։ Թէեւ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - Այսօր պակասը կայ բարոյական եւ հոգեւոր զօրաւոր հիմքի մը որովհետեւ ընկերութիւնը կը նախընտրէ պաշտպանել ''անհատական'' իրաւունքը քան ընտանիքինը։ Անձնասիրութիւնն է որ այսօր մեզի կը սպառնայ -յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը - եսասիրութիւնը որ չի գիտեր ուրիշին բացուիլ։ Եսասիրութեան հետ կայ այլ սպառնալիք մը որ է ''ժամանակաւորի'' մշակոյթը։ Ոչ մէկ բան վերջնական է ու ամէն ինչ ժամանակաւոր կը թուի, նոյնիսկ սէրը։ Սակայն Յիսուս մեզի ժամանակաւոր կերպով չի փրկեց այլ վերջնականօրէն։ Ասոր համար ձեզի կ՛ըսեմ մի վախնաք վերջնական քայլեր առնելէ եւ...աղօթեցէք ու ձեր յոյսը դրէք Տիրոջ վրայ որ ձեզ երբեք մինակ չի թողուր - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ապա անդրադարձաւ Եկեղեցւոյ ուղեւորութեան եւ սուրբերու օրինակին ակնարկելով սուրբ Ֆրանչիսկոսին եւ Սրբուհի Պայծառին որպէս տիպարներ։ Սրբազան Քահանայապետը խօսքի աւարտին կեդրոնացաւ ''Աւետարան'' բառին վրայ որպէս պատասխան ''ընկերային եւ առաքելական յանձնառումին''։ Աւետարանը կրօնի առանձնայատկութիւն մը չէ այլ կը հայի մարդուն, աշխարհին, ընկերութեան։
Աւետարանը Աստուծոյ փրկչագործութեան պատգամն է տրուած` մարդուն։ Ամէնքս փրկուելու պահանջքը ունինք։ Փրկութիւն չարէն։Աստուած անհուն սէր է, ողորմածութիւն է եւ այդ սէրը յաղթահարեց չարին` Քրիստոսի մահով ու Անոր Յարութեամբ։ Ահա այս է Աւետարանը` Բարի Լուրն է որ կը հաղորդէ` ''Աստուծոյ սէրը յաղթական է''։ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի նման մենք եւս ''զարգացնելու ենք մեր հաւատքը նորոգելով Եկեղեցին եւ ապա մեր վկայութեամբ` զարգացնելու ենք նաեւ ընկերութիւնը որուն մէջ կ՛ապրինք։

Ումպրիայի երիտասարդներ - ըսաւ Սրբազան Հայր խօսքը եզրափակելով - այսօր Սուրբ Ֆրանչիսկոսի անունով ձեզի կ՛ըսեմ` Ոչ ոսկի, ոչ արծաթ ունիմ ձեզի տալիք, այլ աւելի թանկարժէք մէկ բան` Յիսուսի Աւետարանը։ Ընթացէք յառաջ` Աւետարանը ձեր սրտին ու ձեր ձեռքերուն մէջ. Եղէ՛ք Հաւատքի վկաներ ձեր կեանքի օրինակով։ Քրիստոսը տարէք ձեր տուները, զայն հռչակեցէք ձեր բարեկամներուն եւ զինք ընդունեցէք ու Անոր ծառայեցէք աղքատներուն մէջ։ Երիտասարդներ` ձեր նահանգին տուէք կենդանութեան, խաղաղութեան եւ յոյսի պատգամ մը։ Դուք կարող էք ընել զայն։

Ուխտագնացութեան վերջին հանգրուանին, Նորին Սրբութիւնը այցելեց Ռիվոդորդօ կոչուած սրբավայրը, որ եղած էր Սուրբին ու իր ընկերներուն բնակավայրը ։Այս վայրէն ժամը 19.15-ին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ինքնաթիռով ուղղուեցաւ Վատիկան։







All the contents on this site are copyrighted ©.