2013-10-05 13:20:37

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի 75 Ամեակի Առթիւ։


Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 75 ամեակին սեմին, ուրբաթ 11 հոկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 08.00 - ին, վարժարանին Ֆարաճեան լսարանին մէջ, նախաձեռնութեամբ հայ Կաթողիկէ բարձրագոյն վարժարանի նախկին սաներուն, տեղի կ՛ունենայ հաւաք որուն ընթացքին կը ներկայացուին Վարժարանի 75 ամեակի տօնախմբութեան հարող ծրագիրներ։ Հաւաքի ընթացքին կը քննարկուին նաեւ նախկին սաներու միութեան իրավիճակը։ Հաւաքէն ետք նախատեսուած է նաեւ հիւրասիրութիւն։







All the contents on this site are copyrighted ©.