2013-10-05 09:53:05

''Կարտինալներու Խորհուրդի'' Յառաջիկայ Ժողովը 3-5 Դեկտեմբեր։


Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ հաստատուած Կարտինալներու խորհուրդը, Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ երեք օրուայ խորհրդակցութիւններու աւարտին, որոշեց իր յառջորդ ժողովը գումարել յառաջիկայ 3-5 դեկտեմբեր, կը հաղորդագրէ Ս. Աթոռի գրասենեակը, մատնանշելով որ երրորդ խորհդակցութիւն մը եւս նախատեսուած է 2014-ինջ փետրուար ամսոյն ընթացքին։
8 կարտինալներէ կազմուած խորհուրդին պարտականութիւնն է բարենորոգումներ առաջարկել Սրբազան Քահանայապետին Եկեղեցւոյ նոր սահմանադրութեան համար։ Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը Յիսուեան հայր Լոմպարտին այս լուրը հաղորդելով ըսաւ` Սրբազան Քահանայապետը կ'ուզէ որ Եկեղեցւոյ կառավարութիւնը դառնայ իսկական միջոց մը Եկեղեցւոյ ծառայութեան ի սպաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.