Յիսուս աղքատ: Աղքատը անհունօրէն եւ անաչառօրէն: Աղքատ բացարձակ աղքատութեամբ մը: Աղքատութեան
իշխանը, տէրը կատարեալ թշուառութեան: Աղքատը` որ աղքատներուն հետ կը կենայ, որ աղքատներուն
համար եղած է, որ կը խօսի աղքատներուն, որ կու տայ աղքատներուն, որ կ՛աշխատի աղքատներուն
համար: Աղքատ` աղքատներուն մէջ, թշուառ` թշուառներուն մէջ, մուրացիկ` մուրացիկներուն:
Աղքատը մեծ եւ յաւիտենական աղքատութեան: Աղքատը երջանիկ եւ հարուստ, որ կ՛ընդունի աղքատութիւնը,
որ կ՛ուզէ աղքատութիւնը, որ կ՛ամուսնանայ աղքատութեան հետ, որ կ՛երգէ աղքատութիւնը: Մուրացիկը
որ ողորմութիւն կ՛ընէ, մերկը որ մերկերը կը ծածկէ, անօթին որ ուտելիք կու տայ: Կան
աղքատներ որ աղքատ են, որովհետեւ երբեք կարող չեղան շահելու: Կան ուրիշ աղքատներ որ աղքատ
են, որովհետեւ կը բաժնեն ամէն իրիկուն ինչ որ շահած են առաւօտը: Եւ որքան աւելի կու տան
այնքան աւելի կ՛ունենան: Իրենց հարստութիւնը միշտ աւելի կ՛աճի այնչափով որչափով կը բաշխեն:
Կոյտ մըն է որմէ որչափ աւելի վերցնես` այնչափ աւելի խոշոր կը դառնայ: Ի՞նչ օգուտ
է մարդուն շահիլ ամբողջ աշխարհը եթէ յետոյ պիտի կորսնցնէ իր կեանքը: Քրիստոսի այս հարցումը`
միամիտ ինչպէս բոլոր յայտնութիւնները, մարգարէական սպառնալիքին իմաստը կու տայ ճիշդ:
Հարուստը չի կորսնցներ միայն յաւիտենականութիւնը, այլ կը կորսնցնէ` հարստութենէն դէպի
յատակը քաշուած` երջանկութիւնն երկրաւոր այս կեանքին: «Կարելի չէ ծառայել Աստուծոյ
եւ Մամոնայի»: Հոգին եւ ոսկին երկու տէրեր են որ չեն հանդուրժեր բաշխումի եւ հասարակուեանխ
Նախանձոտ են, կ՛ուզեն ամբողջ մարդը: Եւ եթէ մարդը ուզէ` երկուքի չի բաժնուիր: Ամբողջ
այս կողմը կամ ամբողջ այն կողմը. Ոսկին Հոգիին ծառայողին համար ոչինչ մըն է. Հոգին` ոսկիին
ծառայողին համար բառ մըն է որ իմաստ չունի: Ով որ Հոգին կ՛ընտրէ` կը նետէ ոսկին եւ բոլոր
բաները, զորս ոսկիով կի գնուին: Ով որ որ ոսկիին կը բաղձայ` կը ջնջէ հոգին եւ կը հրաժարի
հոգւոյն բոլոր բարիքներէն. խաղաղութիւն, սրբութիւն, սէր, կատարեալ ցնծութիւն: Առաջինը
աղքատ մըն է որ չի կրնար երբեք սպառել անհուն հարստութիւնը. միւսը հարուստ մըն մըն է
որ չի յաջողիր երբեք պրծիլ իր անհուն թշուառութեան ճիրաններէն: Աղքատը ունի` հրաժարումի
խորհրդաւոր օրէնքովը նաեւ այն` որ իրը չէ, այսինքն ամբողջ տիեզերքը. հարուստը չունի`
յաւերժական ցանկութեան դժնդակ օրէնքովը` եւ ոչ իսկ այն քիչը որ իրը կը կարծէ` Աստուած
կու տայ անչափօրէն աւելի այն շուտէն զոր խոստացած է. մամոնան կը խլէ նաեւ այն ամենաքիչը
զոր կը խոստանայ: Ով որ կը հրաժարի ամէն բանէ` ամէն բան առաւելաբար ունի. ով որ կ՛ուզէ
մաս մը իրեն համար միայն` հուսկ ոչինչին հետ կը մնայ: Երբ մարդ կը խորասուզուի հարստութեան
սոսկալի գաղտնիքին մէջ, կը հասկնայ թէ ինչու մարդուն դաստիարակները տեսած են անոր մէջ
Դեւին յատուկ թագաւորութիւնը: Բան մը որ ուրիշ ամէն բանէ աւելի նուազ կ՛արժէ, կը վճարուի
միւս ամէն բաներէ աւելի, կը գտնուի միւս ամէն բաներով: Բան մը որ ոչինչ է, որուն իրական
արժէքը ոչինչ է, կը ստացուի բոլոր մնացածով, տալով ի փոխարէն ամբողջ հոգին, ամբողջ կեանքը: Եզրափակենք
ըսելով թէ Երկնքի Արքայութիւնը չի խոստանար աղքատներուն զիրենք հարուստ ընել, այլ կ՛ուզէ
որ հարուստները հոն մտնելու համար` ըլլան ազատօրէն աղքատ: