2013-10-05 10:35:18

Եկեղեցին Հիմնուած է Յիսուսի Քրիստոսի Կողմէ։


Հայր Գեւորգ Վարդապետ Զապարեանի Խորհրդածութիւնը

Ամէն հասարակութիւն միաւորում մըն է անձերու որոնք կը ձգտին միեւնոյն նպատակին՝ համատեղ միջոցներով: Այդ անձերը կապուած են իրարու հետ միեւնոյն հեղինակութեան ենթարկուելով:

Հասարակութիւնը կարիք ունի ղեկավարի մը, ինչպէս թագաւորութիւնը՝ թագաւորի մը, բանակը՝ ընդհանուր հրամանատարի մը, նահանգը՝ կառավարիչի մը, քաղաքապետարանը՝ քաղաքապետի մը եւ ընտանիքը՝ հայրիկի մը:
Հասարակութեան ղեկավարին հեղինակութի'ւնն է կապը որ կը միացնէ անդամները եւ կը կեդրոնացնէ անոնց ջանքերը՝ իրենց կեանքին նպատակը ձեռք ձգելու համար:
Հասրակութեան մը էութիւնը կը սահմանուի իր նպատակով: Ան կը կոչուի առեւտրական կամ գիտական, կամ ալ զուարճային, եթէ իր նպատակը առետուր է կամ գիտութիւն է կամ զինք կազմող անդամներուն զուարճութիւնը: Հասարակութեան կը վիճակի՝ իր անդամներուն տրամադրելու անհրաժեշտ միջոցները որպէսզի իրենց նպատակին հասնին: Սոյն միջոցները կը տարբերին նպատակէ նպատակ:
Յիսուսի բերած կրօնքը հաստատուեցաւ հասարակութեան մը նմանութեամբ: Ի'նչպէս որ, Հին Կտակարանին մէջ, Աստուած, Աբրահամի սերունդները ընտրեց որպէսզի կազմեն հաւատքով ու յոյսով սնած ժողովուրդ մը, նոյնպէս ալ Նոր Կտակարանին մէջ եւս, Յիսուս հիմնեց Եկեղեցին, պահպանելու եւ տարածելու համար աշխարհի մէջ՝ իր քարոզած վարդապետութիւնը եւ մարդոց հաղորդելու իր կրած չարչարանքին փրկարար արդիւնքները:
Աւետարանէն կ'իմանանք թէ՝
-Յիսուս պաշտօնապէս խոստացաւ Եկեղեցի մը հիմնել: Օրին մէկը իր խօսքը ուղղելով Պետրոսին՝ պիտի ըսէ. «Դու ես Վէմ եւ այդ վէմին վրայ պիտի հիմնեմ իմ Եկեղեցիս» (Մտթ 16,18):
-Յիսուս Քրիստոս իր խոստումը կատարեց: Արդարեւ ան իր Եկեղեցին հիմնելու համար
-- ընտրեց աշակերտներու որոշ թիւ մը եւ անոնց շարքերէն զատեց տասներկու անձ (Մտթ 4, 18-22. 9,9. 10, 1-4), որոնք իրեն կ'ընկերանային իր տեղափոխութիւններու ատեն եւ վկայ եղած էին իր քարոզութիւններուն, հրաշքներուն, մահուան եւ յարութեան:
--Երկինք չհամբարձած, ան անոնց տուաւ անհրաժեշտ իշխանութիւնը շարունակելու համար իր առաքելութիւնը, ըսելով «Ինչ որ պիտի կապէք երկրի վրայ կամ ինչ որ արձակէք երկրի վրայ կապուած կամ արձակուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ» (Մտթ 18,18): «Ով ձեզի կը լսէ, ինծի կը լսէ»:
--Պետրոսը ընտրեց որպէս Եկեղեցւոյ Պետ եւ անոր պաշտօն տուաւ զայն կառավարելու իր անունով: (Մտթ 16, 18-19)
--Հոգեգալստեան օրը, ան իր առաքեալներուն վրայ առաքեց Սուրբ Հոգին որ անոնց հաղորդեց անհրաժեշտ լոյսն եւ ոյժը իրենց յանձնուած դժուարին առաքելութիւնը կատարելու համար:
Սուրբ Հոգին ընդունելէ ետք, առաքեալները ցրուեցան աշխարհով մէկ, քարոզեցին Յիսուսի վարդապետութիւնը եւ մկրտեցին անոնք որ հաւատացին անոր: Շուտով աշակերտները շրջապատուեցան բազմաթիւ հաւատացեալներով: Ասոնք, իրենց կարգին, կազմեցին, զանազան վայրերուն մէջ, առաքեալներուն ենթակայ կրօնական այլ հասարակութիւններ: Առաքեալներու Գործերու Գրքին ինչպէս նաեւ առաքեալներուն գրած Թուղթերուն մէջ, կը կարդանք թէ առաքեալները չէին բաւականանար քարոզելով եւ մկրտելով այլ կը կառավարէին հաւատացեալները՝ անոնց օրէնքներ տալով եւ օրինազանցները դատելով ու պատժելով: Առաքեալները եպիսկոպոսներ կ'օծէին՝ այլազան վայրերու մէջ հիմնուած եկեղեցիները կառավարելու եւ ուրիշ եպիսկոպոսներ ու քահանաներ օծելու ի սպաս իրենց հաստատած հասարակութիւններուն: Այս հասարակութիւնները իրարու միացած էին, նոյն հաւատքը կը դաւանէին, նոյն խորհուրդները կ'ընդունէին եւ գերագոյն մէկ ղեկավար կը ճանչնային յանձին Սուրբ Պետրոսի: Այս կերպով հաստատուեցաւ այդ մեծ Հասարակութիւնը զոր հաւատքով կը կոչենք Ընդհանրական, Առաքելական, Սուրբ Եկեղեցի:








All the contents on this site are copyrighted ©.