2013-10-04 09:28:58

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Ասիզիի Մէջ


Ուրբաթ 4 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 7,00-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը ''կարտինալական խորհուրդի'' անդամ կարտինալներուն ընկերակցութեամբ ինքնաթիռով մեկնեցաւ դէպի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Քաղաքը` Ասսիզի ուր ժամանեց 7,45-ին ''Սէրաֆիքօ'' հիմնարկի մարզադաշտը։
Նորին Սրբութիւնը դիմաւորեցին Քաղաքական եւ Եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ
Բարի գալուստի հակիրճ արարողութենէն անմիջապէս ետք Սրբազան Հայրը ''Սէրաֆիքօ'' հիմնարկի Մատրան մէջ հանդիպեցաւ ֆիզիքական ու մտային անկար երախաներուն եւ հիւանդներուն։ Հանդիպման սկիզբը Նորին Սրբութեան բարի գալուստի խօսք արտասանեցին Ասսիզիի քաղաքապետը եւ Հիմնարկի նախագահ` Տիկ ֆրանչէսքա Տի Մաոլոն։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը մեկդի դնելով իր Ճառը անպատրաստից խօսք մը ուղղեց ներկաներուն որուն մէջ ըսաւ` ''Յիսուս կը գտնուի այս մանուկներուն, երիտասարդներուն ու այս անձերուն մէջ։ Մենք կը գտնուինք Յիսուսի վէրքերուն մէջ եւ այս վերքերը ունկնդրութեան ու ճանաչողութեան պէտք ունին'' ու աւելցուց ''Քրիստոնեան գիտէ ճանչնալ Յիսուսի վերքերը''։ Յիսուս Յարութենէն ետք իր վրայ կրեց միայն այդ վերքերը ու մենք այդ վերքեր դարմանելու ենք հոս երկրի վրայ մինչ Ինք երկինքէն մեզի կ՛ըսէ ''Ձեզ կը սպասեմ''։ Տէրը թող օրհնէ ձեզ բոլորդ։ Անոր Սէրը մեզ առաջնորդէ։ Թող մեզի ցոյց տայ թէ այդ վերքերը Իրեն վերքերն են ու մեզ օգնէ որպէսզի զանոնք կարենանք ճանչնալ եւ ունկնդրել։
Հանդիպումի աւարտին Սրբազան Հայրը ''Սէրաֆիքօ'' հիմնարկի պատշգամէն ողջունեց հաւատացեալները ըսելով ''Բարի լոյս։ Շնորհակալ եմ։ Աղօթեցէք այս մանուկներուն եւ երիտասարդներուն համար, բոլոր անոնց որ հոս կը գտնուին։ Թող Տէրը օրհնէ ձեզ։ Աղօթեցէք նաեւ ինծի համար։ Միշտ։

''Սէրաֆիքօ'' հիմնարկի մատրան մէջ կայացած հանդիպումի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ինքնաշարժով ուղղուեցաւ Ս. Տամիանոսի ուխտավայրը, ուր կատարեց առանձնական այցելութիւն մը։ Ս. Տամիանոսի ուխտավայրը այդ վայրն է ուր 1206-ին սուրբ ֆրանչիսկոս խաչեցեալէն ստացաւ հրահանգը ''նորոգելու իր եկեղեցին''։
Սուրբ Տամիանոսի Սրբավայրին այցելութենէն ետք Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ թեմի առաջնորդարան, ուր 9.30-ին հանդիպում ունեցաւ թեմի աղքատներուն հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.