2013-10-04 17:09:11

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հանդիպումը Ասիզիի Թեմական Կղերին Եւ ''Գլարիս'' Փակեալ Կոյսերուն Հետ ։


Ասիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Պազիլիքայի տարածքին մատուցած սուրբ Զոհի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ուխտագնացութեան յայտագիրը շարունակուեցաւ Ասսիզիի Գարիթասի կեդրոնին մէջ աղքատներուն հետ կազմակերպուած ճաշով։ Ճաշէն անմիջապէս ետք, Սրբազան Հայրը այցելեց այն մենաստանը ուր սուրբ ֆրանչիսկոս յաճախ կ'առանձնանար։ Աւանդութեան համաձայն այդ վայրին մէջ Սուրբը խօսակցած է թռչուներուն հետ։

Ժամը 15,15-ին Ֆրանչիսկոս Պապը փոխադրուելով Սան Րուֆինոյի անուան Եկեղեցին հանդիպում ունեցաւ Թեմի կղերին ու կրօնաւորներուն հետ ու անոնց ուղղած իր ճառին սկիզբը խօսեցաւ ''մկրտութեան'' խորհուրդի մասին որ մեծ պարգեւ մըն է - ըսաւ Ան - Վերածնունդ մը որպէս Մայր Եկեղեցւոյ զաւակներ եւ Աստուծոյ ժողովուրդին անդամներ։
Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսքը կեդրոնացուց ''թեմական կեանքի ուղեւորութեան'' վրայ մատնանշելով հասարակաց կեանքի հայող երեք յատկանիշերու։
Առաջինը ''Աստուծոյ Խօսքին ունկնդրութիւնը''։ Հաւատքով ու սիրով։ Աստուծոյ խօսքն է որ հաւատքը կը յառաջացնէ, զայն կը սնուցէ եւ կը վերակենդանացնէ։ Խօսքն է որ սրտերուն կը դպչի եւ հասարակութիւնները մշտատեւ կը վերանորոգէ։ Երկրորդ յատկանիշը ''ուղեւորութիւնն'' է։ Ձեզի համար այս բառը յատուկ իմաստ մը ունի որովհետեւ մօտ օրէն սկիզբ կ՛առնէ թեմական ''Սիւնհոդոսը'' որ կը նշանակէ միասնաբար քալել։ Քալել իրարու հետ համագործակցելով, իրար զիրար օգնելով, իրարու ներելով։Միասին քալելով, իրար զիրար կը ճանչնանք եւ միասին կ՛աճինք որպէս ընտանիք։ Արդ միշտ հարց տանք ի՞նչպէս կ՛ընթանայ մեր թեմի իրողութիւնը։ Միասնականութեա՞մբ։Եւ ես ի՞նչ կ՛ընեմ որպէսզի ան իսկապէս միացած ըլլայ։
Ուրեմն - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակելով- Ուկնդրել եւ քալել իսկ երրորդ յատկանիշը ''առաքելական է''`''քարոզել մինչեւ արուարձանները''։ Մի վախնաք դուրս ելլելէ եւ ընդառաջելէ արուարձաններու մէջ ապրողներուն։ Եւ երբ այդ վայրերը այցելէք հոն տարէք Աստուծոյ Խօսքը եւ ոչ թէ ձեր անձերը, որովհետեւ մենք չենք որ աշխարհը կը փրկենք այլ մեր Տէրն է որ զայն կը փրկէ։

Սիրելի բարեկամներ - ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը - Ուկնդրեցէք Աստուծոյ խօսքը, միասին քալեցէք եղբայրութեամբ եւ Աւետարանը հռչակեցէք արուարձաններուն մէջ ։Տէրը ձեզ Օրհնէ, Տիրամայրը ապավէն կանգնի եւ Սուրբ Ֆրանչսիկոսը ձեզի ըլլայ նեցուկ` Տիրոջ աշակերտները ըլլալու ուրախութիւնը ապրելու։

Հանդիպման աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Սրբուհի Պայծառի նուիրուած տաճարը եւ պահ մը առանձին ամփոփուեցաւ Սրբուհիին գերեզմանին առջեւ ու ապա աղօթեց Սուրբ Տամիանոսի Խաչելութեան առջեւ։ Հուսկ հանդիպում ունեցաւ ''Գլարիս'' միաբանութեան փակեալ կոյսերուն հետ ու անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ զանոնք խրախուսեց իրենց կեանքը հիմնելու միշտ Յիսուս Քրիստոսի վրայ։ Ըլլալու ուրախ եւ մարդկութիւն ցուցաբերելու։ Ան ապա խօսքը կեդրոնացուց հասարակաց կեանքի վրայ։ Թէեւ դժուար կեանք մըն է եւ սատանան միշտ պատրաստ է թակարդներ լարելու դուք ապրեցէք որպէս մէկ ընտանիք, միշտ սիրով փնռելով ծագող հարցերու լուծումը -ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու ապա շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալութեան համար, խնդրեց ''աղօթել իրեն համար'' ու տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.