2013-10-04 12:38:05

Ումպրիայի Եկեղեցին, Ի Պատրաստութիւն ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ասսիզիի Ուխտագնացութեան, Կ'աղօթէ Լամբետուզայի Ողբերգութեան Զոհերուն։


Հոկտեմբեր երեքին, արշալոյսին, շուրջ 500 փախստականներ նաւաբեկութեան զոհ դարձան Իտալիոյ Լամբետուզա կղզիի մօտերը, որ հարիւր մեռեալներ պատճառեց ։ Ի լուր այս ողբերգական կոտորածին, Իտալիոյ Ումպրիա եկեղեցին, ի պատրաստութիւն նաեւ Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան, հրաւիրած էր հաւատացեալները աղօթքի հսկում կատարելու Լամբետուզայի զոհերուն համար։
Յայտնենք որ Իտալական կառավարութիւնը ցնցուած Լամբետուզայի ողբերգութենէն ուրբաթ 4 հոկտեմբերը Ազգային սուգի օր հռչակած էր, խնդրելով որ լռութեան պահ մը կատարուի զոհերու յիշատակին կառավարական ու դպրոցական բոլոր հաստատութիւններուն մէջ։
Ումպրիա մարզի Գարիթաս` բարեսիրական մարմնի տնօրէն` Տանիելա Մոննի յայտարարած է որ փախստականները ոչ միայն կը փախչին պատերազմէն այլ եւ տմարդի կացութիւններէն, ջուրի, լոյսի եւ յոյսի պակասի պատճառաւ։
Վերապարած փախստականներէն մէկը ըսած է ''միմիայն երբ յուսահատած ես կը դիմագրաւես ճամբորդութիւնը, որ է յոյսի ճամբորդութիւն ''։
Միջազգային հասարակութիւնը եւս ցնցուած է ի լուր փախստականներու ողբերգութեան , որովհետեւ ասիկա արդիւնքն է եսասէր աշխարհի մը։ Առանց զօրակցութեան պիտի շարունակենք տեսնել բազմաթիւ մահեր ոչ միայն ծովուն մէջ այլ քաղաքներու արուրաձաններու մէջ։
Սրբազան Քահանայապետէն եւ միջազգային հասարակութենէն կը սպասուի լոյսի նշոյլ մը տեսնել յաղթահարելու փախստականներու տագնապը եւ մարդը դառնալու կեդրոնը արարչագործութեան։
Ս. ֆրանչիսկոսի մտահոգութիւնը եղած են աղքատները ու Եկեղեցւոյ բարենորոգումը։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Ասսիզի կու գայ հանդիպելու աղքատին, ֆիզիքական ու հոգեկան անկարին, հիւանդին, կարօտեալին, անտեսուածին։ Մեզմէ իւրաքանչիւրին մատնանշելու համար ուղիղ ճանապարհը։








All the contents on this site are copyrighted ©.