2013-10-03 10:25:54

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ասիզիի Միօրեայ Այցելութեան Յայտագիրը։
Սրբազան Հայրը 4 Հոկտեմբերին Կ՛այցելէ Տասնեակ Վայրեր


4 Հոկտեմբերին, ս. ֆրանչիսկոս Ասիզացիի տօնին օրը, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը միօրեայ հովուական այցելութեամբ պիտի մեկնի Ասսիզի ուր բացի ֆրանչիսկեան հայրերուն հետ հանդիպելէ, հանգրուան պիտի կատարէ այլ տասը սրբազան վայրերու։

Ասսիզի կեցութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը վեց ''ճառեր'' պիտի արտասանէ, հանդիպում պիտի ունենայ, ինչպէս ըսինք, տեղացի ֆրանչիսկեան հայրերուն, երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ դժուարութեան մէջ ապրողներուն հետ։

Սրբազան Հօր ուխտագնացութիւնը սկիզբ կ'առնէ առաւօտեան ժամը 7.45-ին։
Ան ժամը 7,00-ին ''կարտինալական խորհուրդի'' անդամ կարտինալներուն ընկերակցութեամբ ինքնաթիռով կը մեկնի Վատիկանէն եւ Ասսիզիի ''Սէրաֆիքօ'' հիմնարկի մարզադաշտը կը ժամանէ 7,45-ին, ուր զինք կը դիմաւորեն Քաղաքական եւ Եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ որոնց շարքին Ասսիզի - Նոչէրա Ումպրա - Կուալտօ Դատինօ Թեմին Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Տոմենիքօ Սորրէնդինոն եւ Ասիզիի Քաղաքապետ` Տիար Գլաուտիօ Րիչչի։
Բարիգալուստի հակիրճ արարողութենէն անմիջապէս ետք Սրբազան Հայրը ''Սէրաֆիքօ'' հիմնարկի Մատրան մէջ հանդիպում կ'ունենայ ֆիզիքական ու մտային անկար երախաներու եւ հիւանդներու հետ։ Հանդիպումի սկիզբը Նորին Սրբութեան բարի գալուստի խօսք կ՛արտասանէ Ասսիզիի քաղաքապետը եւ Հիմնարկի նախագահ` Տիկ ֆրանչէսքա Տի Մաոլոն ապա նախատեսուած է ֆրանիչկոս Պապին ճառը որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը ինքնաշարժով կ՛ ուղղուի Ս. Տամիանոսի ուխտավայրը, առանձնական այցելութիւն կատարելու։ Յայտնենք որ այդ վայրին մէջ 1206-ին սուրբ ֆրանչիսկոս խաչեցեալէն ստացաւ հրահանգը ''նորոգելու իր եկեղեցին''։
Սրբազան հայրը լռելեայն աղօթք կատարելէ ետք հրաժեշտ կ՛առնէ եւ ինքնաշարժով կ՛ուղղուի թեմի առաջնորդարան, ուր 9.30-ին հանդիպում կ'ունենայ թեմի աղքատներուն հետ անոնց ուղելով ճառ մը։ Հանդիպումէն ետք ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ժամը 10-ին, առանձնական այլ այցելութիւն մը կը կատարէ ''Տիրամօր աւագ եկեղեցւոյ'' ապա կը փոխադրուի ''ս. ֆրանչիսկոսի նուիրուած վերին տաճար'' ուր զինք կը դիմաւորեն ֆրանչիսկեան միաբանութեան Աբբահայրը եւ վանքին պահակ եղբայրը։ Նորին Սրբութիւնը պահ մը կ'ամփոփուի տաճարին գետնայարկը գտնուող ` սուրբ ֆրանչիսկոսը դամբանին առջեւ։ Ապա ժամը 11-ին տաճարին հրապարակի տարածքին` կը նախագահէ բացօթեայ սուրբ պատարագը որուն աւարտին նախատեսուած է նաեւ ''ձթաիւղի նուիրումի'' ծիսակատարութիւնը որով տարուայ ձթաիւղը կը նուիրուի ուխտական ջահին որ զետեղուած է Սուրբին գերեզմանին առջեւ։Վերոյիխեալ արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին բարի գալուստի խօսք կ՛ուղղեն Ումպրիա նահանգի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը գերապայծառ Կուալդիէրօ Պասսէդդի եւ Ումպրիայ Նահանգի նախագահ Տիկ Քադիուշիա Մարինին։

Նորին Սրբութեան յաջորդ հանգրուանը կա հանդիսանայ Գարիթասի կեդրոնը, ուր աղքատներու հետ միասին կը ճաշէ։ Ճաշէն ետք, 14,15-ին, Ան կ'այցելէ այն մենաստանը ուր սուրբ ֆրանչիսկոս յաճախ կ'առանձնանար։ Աւանդութեան համաձայն այդ վայրին մէջ Սուրբը խօսակցած է թռչուներուն հետ։
Ժամը 15,15-ին Սրբազան Քահանայապետը փոխադրուելով Սան Րուֆինոյի անուան Եկեղեցին հանդիպում կ՛ունենայ Թեմի կղերին ու կրօնաւորներուն հետ ու անոնց կ՛ուղղէ ճար մը ու ապա կ'այցելէ Սրբուհի Պայծառի նուիրուած տաճարը եւ պահ մը առանձին կ'ամփոփուի Սրբուհիին գերեզմանին առջեւ եւ կ'աղօթէ Սուրբ Տամիանոսի Խաչելութեան առջեւ։ Հուսկ հանդիպում կ՛ունենայ ''գլարիս'' միաբանութեան փակեալ կոյսերուն հետ ու անոնց խօսք մը ուղղելով։
Ժամը 16.45-ին Նորին Սրբութիւնը կ'ուղղուի ''Տիրամօր Հրեշտակաց'' տաճարը, ուր հանդիպում կ'ունենայ երիտասարդներուն հետ պատասխանելով չորս երիտասարդներու կողմէ ուղղուած հարցումներուն։ Նախապէս Նորին Սրբութիւնը պահ մը կ'աղօթէ ''Բորցիունքոլա մատռան'' մէջ որ է Սուրբ ֆրանչիկոսի 1209 թուականին նորոգած եկեղեցին եւ որ ներկայիս կը գտնուի '' Տիրամօր Հրեշտակաց'' տաճարին մէջ։
Ուխտագնացութեան վերջին հանգրուանին, Նորին Սրբութիւնը կ'այցելէ Ռիվոդորդօ կոչուած սրբավայրը, որ եղած էր Սուրբին ու իր ընկերներուն բնակավայրը ։Այս վայրէն ժամը 19.15-ին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ինքնաթիռով կ'ուղղուի Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.