2013-10-03 12:03:08

Գիւղատնտեսական Համագործակցականները Կրնան Նուազեցնել Արտագաղթը


ԵՐԵՒԱՆ, «Գիւղատնտեսական երկուշաբթիների հանրային հարթակ»ին մէջ 16 Սեպտեմբերին քննարկուած է «Աղքատութեան կրճատում, եկամուտների աւելացում. ինչպէս ենք ծախսում Համաշխարհային Բանկի փողերը» նիւթը:
Քննարկման ընթացքին գիւղական համայնքներուն մէջ բարդուած խնդիրներու լուծման ամէնէն ճկուն գործընթացը նկատուած է համագործակցութեան զարգացումը: Արձանագրուած է, որ այս գաղափարին կենսունակութիւնը առաջին հերթին պայմանաւորուած է Հայաստանի գիւղատնտեսական առանձնայատկութիւններով:
«Գիւղատնտեսական ծրագրերի իրականացման գրասենեակ» (ԾԻԳ) պետական հիմնարկի տնօրէն Գագիկ Խաչատրեանը տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուցած է համայնքներուն մէջ իրականացուած աշխատանքը, «Համայնքների գիւղատնտեսական ռեսուրսների կառավարում եւ մրցունակութիւն» վարկային ծրագիրի պարունակին մէջ։
Հանդիպման ընթացքին ներկայացուած են հասարակական հատուածին, Հայաստանի ազգային երկրագործական համալսարանի կարգ մը գիտնականներուն, ինչպէս նաեւ՝ գիւղապետերու, համագործակցական միութեան նախագահին տեսակէտները համագործակցութեան գաղափարին մասին: Ընդհանուր առմամբ պաշտպանելով այդ մտայղացումը՝ անոնք կատարած են որոշակի դիտարկումներ: Հասարակական կազմակերպութեան ղեկավարներէն մէկը մտավախութիւն յայտնած է այն մասին, որ հողերը կրնան դառնալ քանի մը սակաւապետի սեփականութիւն, իսկ գիւղացիները կրնան վերածուիլ եղանակային աշխատողի՝ առանց որեւէ սեփականութեան իրաւունքի:
Բանախօսը փաստած է, որ բոլոր գիւղացիներուն կը տրուի մեկնարկային կարելիութիւն, եւ պէտք է համագործակցականը «դիտարկել որպէս միջոց եւ ոչ թէ՝ նպատակ, առաւել եւս՝ նախկին «կոլխոզ»: Ըստ Խաչատրեանի, գործակցութիւնը միջոց է գիւղացիին աղքատութեան կրճատման եւ եկամուտներու յաւելման: Գագիկ Խաչատրեան նշած է, որ այդ ծրագիրի հիմնական նպատակը գիւղացին է, անոր աշխատունակութեան բարձրացումը, անոր մղիչ ուժ ըլլալը:
Տեսերիզի միջոցով ներկայացուած են նաեւ համագործակցականներու գործունէութիւնը՝ շինարական աշխատանքներէն մինչեւ հողագործական սարքաւորումներու տրամադրումը:
Անհրաժեշտութիւն նկատուած է համագործակցականի մասին օրէնքի ընդունումը:
Տեսակէտ արտայայտուած է այն մասին, որ համագործակցականի գաղափարը շահեկան է ոչ միայն Հայաստանի բնակչութեան զգալի մասը գործունակ դարձնելու առումով, այլ նաեւ այդ համակարգը կը խոստանայ լուրջ եկամուտներ ապահովել երկրին մէջ՝ կանխելով արտագաղթի եւ արտագնայ աշխատանքի մեկնողներուն թիւին աճը: Գագիկ Խաչատրեան հաստատած է, որ՝ «ծրագիրն, ըստ էութեան, սոցիալական է, կոչուած է, գիւղացիների ջանքերը մէկտեղելով, լուծել նրանց խնդիրները»:








All the contents on this site are copyrighted ©.