2013-10-02 11:06:01

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը ''Եկեղեցին Սուրբ Է''։


Չորեքշաբթի 2 հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ինչպէս ամէն չորեքշաբի, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն։
Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը շարունակելով հաւատքի մասին իր խորհրդածութիւնները ըսաւ`

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
''Հաւատոյ Հանգանակի'' մէջ կը դաւանինք ''Հաւատամք ի մի միայն յընդհանրական Եկեղեցի...'' եւ կ՛աւելցնենք ''Սուրբ'' ածականը։ Ասով կը հաստատենք Եկեղեցւոյ Սրբութիւնը, որովհետեւ Աստուծոյ գործն է եւ Սուրբ Հոգին է որ զայն կը սրբացնէ, հակառակ անոր անդամներուն մեղաւոր վիճակին։ Եկեղեցին Սուրբ է որովհետեւ անլուծանելի կերպով միացած է Յիսուս Քրիստոսի որ ինքզինք զոհեց զայն սրբացնելու համար։ Սուրբ է որովհետեւ Սուրբ Հոգին է որ զայն կ՛առաջնորդէ եւ զայն կը բիւրեղ կը դարձնէ, կը բարեփոխէ եւ կը վերանորոգէ։

Եկեղեցին կազմուած չէ կատարեալ մարդոցմէ, Ան կ՛ընկալէ բոլոր մեղաւորները զանոնք առաջնորդելու համար սրբութեան։ Եկեղեցին բոլոր մարդոց տունն է։ Եկեղեցւոյ մէջ Աստուած անխիղճ դատաւոր մը չէ, այլ ոպորմած Հայր մըն է, որ իր զաւակները կը սպասէ, եւ երբ անոնցմէ մին Իրեն դիմէ ըսելով ''Հայր մեղանչեցի...կ՛ուզեմ տուն վերադառնալ'', Աստուած գրկաբաց կ՛ընդառաջէ անոր կ՛ընդունի, կ՛ողջագուրէ եւ անոր ի պատիւ խնճոյք կը սարքէ։ Տէրը կը փափաքի Եկեղեցի մը որ իր բազուկները գիտէ տարածել ամէն մի անհատ ընդունելու համար։ Եկեղեցին միայն մի քանի ընտրեալներու տունը չէ, այլ բոլորին կը պատկանի եւ ուր ամէն մէկը կրնայ վերանորոգուիլ, բարեփոխուիլ, ու անոր սիրով սրբանալ։ Ամէնքը` զօրաւորն ու տկարը, մեղաւորն ու անտարբերը, յուսահատն ու կորսուածը։ Եկեղեցին բոլորին առիթ կ՛ընծայէ ընթանալու սրբութեան ճանապարհով, որ է ամէն քրիստոնիայի ճանապարհը։
Թոյլ տանք որ Աստուծոյ սրբութիւնը մեզ վարակէ։ Ամէն քրիստոնեյա կանչուած է սրբութեան եւ սրբութիւնը արտակարգ գործեր կատարելու մէջ չի կայանար, այլ մեր կեանքէն ներս Աստուծոյ ներգործութեան մէջ։ Անոր շնորհքով մենք կարող կը դառնանք, հակառակ մեր տկարութիւններուն, ապրելու ողորմածութիւնը ի Փառս Աստուծոյ եւ ի ծառայութիւն մերձաւորին։ Հայցենք ուրեմն Տիրոջմէ շնորհքը` ուրախութեամբ ապրելու մեր հաւատքը - ըսաւ Սրբազան Հայրը ճառը եզրափակելով ու ապա
զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները հուսկ յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն վերյիշելով ''Պահապան հրեշտակներու'' տօնը եւ հրաւիրելով զանոնք վստահութիւն ունենալու Աստուծոյ վրայ որ` կ՛ընկերանայ իրենց կեանքի ճանապարհին, կը սփոփէ իրենց ցաւերը եւ կ՛օգնէ զիրենք կազմելու` սիրոյ վրայ հիմնուած ընտանիքներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.