2013-10-02 10:04:03

Տիարպեքիրի Ս. Կիրակոս Եկեղեցի Այցելողներուն Թիւը Օրէ Օր Կ՛աճի


Տիարպեքիրի հայերէն ոմանք կը նախընտրեն մնալ իսլամադաւան եւ ապրիլ այդպէս, իսկ ոմանք ալ կը ծրագրեն քրիստոնէաբար մկրտուիլ, կրօնադարձ ըլլալ ու ապրիլ իբրեւ քրիստոնեայ հայեր. ըստ Akunq.net-ի՝ թրքական «Ռատիքալ» թերթին մէջ այս մասին գրած է սիւնակագիր Օրալ Չալըշլար, որ վերջերս այցելած է Տիարպեքիր, շրջած է տարբեր վայրեր ու զրուցած տեղացիներուն հետ:
«Տիարպեքիրը հանդարտ վիճակի մէջ է: Սուրիչիի մէջ այցելեցինք աւերակներու վերածուած հայկական եկեղեցի մը, որ վերականգնումի կը նախապատրաստուի», գրած է Չալըշլար:
Ան այցելած է նաեւ վերանորոգուած Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին եւ նկատած է, որ օրէ օր կ՛աճի այդ եկեղեցին մուտք գործող հաւատացեալներուն թիւը: Եկեղեցւոյ այգիին մէջ աւելցած է թիւը նստարաններուն եւ սեղաններուն, որոնց շուրջ մարդիկ կը հաւաքուին սուրճ խմելու եւ զրուցելու համար:
«Ինծի պատմեցին բազմաթիւ պատմութիւններ, թէ՝ ինչպէ՛ս են Տիարպեքիրի եւ շրջակայ այլ քաղաքներու մէջ բնակող ծպտեալ հայերը պարզած են իրենց ազգային ինքնութիւնն ու ազգային արմատները», եզրակացուցած է ան:







All the contents on this site are copyrighted ©.