2013-10-02 13:17:03

Ս. Աթոռի Արտգործ Նախարարի Ելոյթը ՄԱԿի 68-րդ Նիստին Ընդհանուր Ժողովին։


Ս. Աթոռի արտագործ նախարար` գերապայծառ Մամպերթի, երեքշաբթի մէկ հոկտեմբերին, խօսք առաւ ՄԱԿի 68-րդ նիստին։
Իր կատարած միջամտութեան ընթացքին Վատիկանի դիւանագէտը ըսաւ`
''Նորին Սրբութիւնը` ֆրանչիսկոս, իր քահանայապետութեան առաջին օրերուն կարողացաւ մարդկութեան առջեւ բանալ յոյսի նոր հորիզոն մը, հիմնուած հանդիպումի մշակոյթի վրայ, որ պէտք է նակատել որպէս սկզբունքը ու հիմք ընկերային յարաբերութիւններուն ։ Այս մշակոյթը կ' ենթադրէ դրական ճանաչումը ուրիշին արժէքներուն։
Իմ ջերմ բաղձանքս է որ ՄԱԿի 68-րդ նիստը ներշնչուի համաշխարհային զօրակցութեան ոգիէն ու միջազգային հասարակութիւնը վճռակամօրէն ընթանայ այդ ուղիի հետքերով լուծելու համար ընդհարումները ու դարմանելու մարդկութեան վէրքերը։
Գերապայծառ Մամպերթի անդրադառնալով 68-րդ նիստի բնաբանին ''զարգացումի ծրագիր յետ 2015` հողը պատրաստենք'' շեշտը դրաւ, կէտնպատակները բնորոշելու կարեւորութեան, միջազգային հասարակութեան բոլոր անդամներուն ի շահ, սկսեալ ընտանիքէն, կազմուած այր ու կնոջ միութենէն։Այդ կէտնպատակները - ըսաւ Ան - պէտք են նաեւ երաշխաւորել ամէն անհատին արժանաւոր կեանք մը, սկսեալ տարեցներէն մինչեւ մանուկները, որ տակաւին մայրական ծոցին մէջ կը գտնուին։
Ս. Աթոռի դիւնագէտը հուսկ անդրադարձաւ խաղաղութեան զայն նկատելով որպէս հիմը ամբողջական մարդու զարգացումին։Ան յիշեցուց որ ՄԱԿը շուրջ 70 տարիներ առաջ պաշտօնապէս յանձն առաւ փրկել ապագայ սերունդները պատերազմի աղէտէն։Առաջին ու երկրորդ աշխարհամարտերէն ետք ՄԱԿը միջազգային օրէնսդրութիւն մը հաստատեց հսկելու պետութիւններու միջեւ կատարուած բռնութիւններուն վրայ, ունենալով որպէս առաջնահերթ նպատակ անհատներու պաշտպանութիւնը ու անոնց տարրական իրաւունքը։
Ողբերգական է նկատել որ հակառակ ՄԱԿի իրաւական սկզբունքներու բարձր արժէքներուն, Միջազգային Հասարակութիւնը ի վիճակի չէ վերջ դնելու քաղաքացիական ու շրջանային ընդհարումներուն եւ պաշտպանելու ժողովուրդները։
Ափրիկեան ցամաքամասը կը ներկայացնէ ընդհարումի բազմաթիւ կացութիւններ, որոնք բնակիչներու միջեւ կը սերմանեն մահ ու տառապանք ։
Միջին Արեւելքը կը շարունակէ մտահոգութեան առարկայ դառնալ միջազգային գետնի վրայ։ Թմրեցուցիչի վաճառողները, ամերիկեան կարգ մը երկիրներուն մէջ, կարող են նոյնիսկ պատերազմ հռչակել պետութիւններուն։ Նոյնպէս Ասիայի բազմաթիւ շրջաններու մէջ լարուածութիւնը չի պակսիր։
Հակառակ այս բոլոր դժուարութիւններուն ՄԱԿը նկատելու ենք որպէս դրական կազմակերպութիւն մը, քանի կը ներկայացնէ երկու գլխաւոր սկզբունքներու արտայայտութիւնը` բնական իրաւունքը ու մարդու արժանաւորութիւնը։ Բացայայտ է որ զինեալ ընդհարումները խոր բաժանումներ կը յարուցանեն ժողովուրդներու միջեւ։ Մեր աչքին առջեւ ունինք Սուրիոյ օրինակը, ուր աւելի քան 110 հազար անհատներ զոհ գացած են ու աւելի քան չորս միլիոն անհատներ գաղթականութեան վիճակի մէջ կ՛ապրին։ Զինեալ ընդհարումը կը շարունակէ կործանել պատմական եւ մշակութային հարուստ ժառանգութիւնները ու մարդկային համակեցութիւնը, ուր սերտօրէն կապուած էին եւ միատեղ կը գոյատեւէին միաստուածեան երեք կրօները։
Գերապայծառ Մամպերթի հուսկ յայտնեց Ս. Աթոռի խոր մտահոգութիւնը միջինա արեւելքի մէջ ապրող քրիստոնեայ համայնքներու ճակատագրի մասին, որոնք ''յաճախ պարտադրուած են աքսորի''։ Ս. Աթոռը - ըսաւ Վատիկանի արտգործ նախարարը - ՄԱԿէն հաստատակամ կը խնդրէ որ վերջ դրուի անմեղ ժողովուրդներու տառապանքին։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 20-Մեծերու ժողովին նամակ ուղարկելով նախագահ Բուդինին, վերակոչեց միջազգային հասարակութեան պատասխանատուութիւնը հանդէպ Սուրիոյ, ցաւով մատնանշելով առանձնական շահերու գոյութիւնը, որուն հետեւանքով Սուրիոյ զինեալ պատերազմը տակաւին կ' երկարի։
Գերապայծառ Մամպերթի իր միջամտութիւնը եզրափակեց մատնանշելով Սուրիոյ ողբերգութեան որ միաժամանակ ՄԱԿԻ համար ''մարտահրաւէր եւ կարեւոր առիթ մը'' կը ներկայացնէ ու հաստատեց թէ ''Սուրիոյ հակամարտութեան խաղաղարար լուծումը, մեր ապրած դարին, զգալի նախադէպ մը կը ստեղծէ, եւ Միացեալ Ազգերու առջեւ նոր ճանապարհ մը կը բանայ դիմագրաւելու համար միւս հակամարտութիւնները որ մինչեւ օրըս լուծումի չեն յանգած ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.