2013-10-02 10:47:12

Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ Օձը իր Շապիկը Կը Փոխէ, Բայց Ո՛չ Իր Բնութիւնը:


Անցնող սերունդին պատկանող մեր հայրերն ու մայրերը, յատկապէս հաւատացեալ ընտանիք ունեցողներ, որպէս հաւատքի խորունկ արտայայտութիւն, միշտ զզուանք ունեցած են ՜՜ Աստուածաշունչին մէջ ներկայացուած՝ «Ադամ-Եւա»ի մեղանչումին պատճառ եղող օձին՝՝ նկատմամբ: Նոյն զգացումը փոխանցելով յաջորդ սերունդներուն, ու նաեւ զգուշացնելով զանոնք այդ վտանգաւոր սողունէն, որ մնայուն թշնամի է մարդոց գարշապարին: Ինչպէս Աստուածաշունչը կ՛ըսէ՝ օձը միշտ հետամուտ պիտի ըլլայ խայթելու մարդուն գարշապարը:
Մեր նախնիքը հակառակ այս զգուշացման կոչին , նաեւ՝ որոշ ակնածանք ունէին այդ վտանգաւոր բայց «իմաստուն» կենդանիին նկատմամբ:
Օրինակ, անոր պատկերը միշտ օգտագործած են իբրեւ իմաստութեան խորհրդանիշ: Նոյնիսկ մեր եկեղեցիներուն մէջ անոր կերպով կը պատրաստուին եպիսկոպոսական թէ վարդապետական գաւազանագլուխները:
Միւս կողմէ, սովորական ժողովուրդի պարզ հասարակութեան մօտ կար այն նախապաշարումը, որու համաձայն երբ օձին հանած շապիկէն մէկ մասնիկ դնէիր դրամապանակիդ մէջ, հարստութեան պատճառ կը դառնար քեզի համար: Այս հաւատալիքը մինչեւ մեր օրերը հասած է:
Աւելցնենք որ՝ կաշեգործական ամէնէն սուղ վաճառանիշները յաճախ օձի մորթը կ՛օգտագործեն, եւ անոնցմով իրենց պատրաստած կաշեղէնները կանացի կօշիկներն ու պայուսակները, կամ գօտիներն ու այլ կաշեղէն իրերը միայն որոշ խաւի մարդոց հասանելի կը դառնան: Օձի մորթը, սակայն, միշտ ալ գերադաս եղած է բոլորէն, յատկապէս մեծ ու գունաւոր օձի տեսակներուն մորթը, որոնք Ափրիկէի խորերը թաքնուած են առհասարակ: Այսքան յարգի կաշի ունեցող այս սողունին շապիկ փոխելու բնական մէկ արարքը, հայկական առածանիին մէջ սքանչելի օրինակով ներկայացուած է: Միշտ մարդոց համար կենդանական աշխարհէն քաղուած օրինակներով հարուստ հայկական առակներն ու առածները, այս պարագային նկատի ունեցած են մարդոց բնաւորութեան հաստատ ըլլալուն պարագան, ինչքան ալ բարեփոխումներու ենթարկուին անոնք:
_ Օձը իր շապիկը կը փոխէ, բայց ո՛չ իր բնութիւնը:
Հայկական այս առածին մէջ ներկայացուած օձը, բնութեան մէջ գտնուող այդ վտանգաւոր սողունը չէ՛ բնականաբար, այլ՝ մարդը, որ դաստիարակութեան ճամբով, կրթութեան միջոցով միշտ ուղղութեան կը հրաւիրուի: Սակայն, անիկա ճիշդ օձին նման իր շապիկը կը փոխէ, սակայն ո՛չ բնաւորութիւնը:
Կեանքի մէջ ալ նոյնն է պարագան: Մարդոց միջեւ բարեկամութիւններ կը հաստատուին, ծանօթութիւններ կը ստեղծուին, լաւ յարաբերութիւններ կը մշակուին, սակայն յանկարծ խանգարիչ տարր կը տեսնուի: Այդ խանգարիչը անպայման դուրսէն մէկը չ՛ըլլար, ո՛չ ալ պայմաններու բերումով յայտնուած դժուարութիւն, այլ՝ այդ բարեկամներէն մէկուն բնաւորութիւնը, որուն պատճառով անհասկացողութիւն յառաջ կու գայ: Կողմերը կը փորձեն վերատեսութեան ենթարկել կացութիւնը, հաշտութեան եզրեր կը գտնեն, համախոհութիւն կը ստեղծուի, գործակցութեան նոր հորիզոններ կը բացուին, մէկ խօսքով ամէն ինչ կը նորոգուի, այնպէս ինչպէս օձը իր շապիկը փոխելով կը վերանորոգէ իր մարմինը: Այստեղ կը ճշմարտուի հայկական առածը, թէ՝ օձը իր շապիկը կը փոխէ, բայց ո՛չ իր բնութիւնը: Քանի որ որոշ ժամանակ ետք դարձեալ պիտի տժգունի օձին մորթը, հողին վրայ քսուելէն ու փոշոտուելէն, եւ կամ գետին թափած չոր տերեւներուն մէջէն անցնելէն։ Նաեւ այն մարդը՝ որ դարձեալ օձին կը նմանի, իր բնութիւնը ետ պիտի ստանայ ժամանակի ընթացքին. ասոր համար պէտք է միշտ զգուշանալ (եւ զգուշացնել) վատ բնաւորութեամբ նման մարդոցմէ։ Անոնք անուղղայ կ՛ըլլան:
Օձին շապիկը իւրայատուկ վաճառանիշ ունի, ինչպէս հագուստի կամ պայուսակի աշխարհահռչակ վաճառանիշներ: Օձի շապիկին վաճառանիշը կը կոչուի՝ ՜՜ Խաբեբայութիւն՝՝:
Անոր շապիկ փոխելու արարքը, պարզապէս խաբելու համար է դիմացինը, համոզելու զայն, թէ ինք փոխուած է, նախկինը չէ՛, աւելի գեղեցկացած է ու… բարիացած: Սակայն աշխարհի մարդկութիւնն ալ ներկայ ժամանակներուն Եւայի միամտութիւնը չունի: Մէկ անգամ անձը ճանչնալը բաւարար է, որ անոր լարած թակարդին մէջ ուրիշ առիթով չիյնայ մարդ: Չար կամ վատ բնաւորութեամբ մարդոց հոգեկան աշխարհին մէջ միայն Աստուած կրնայ փոփուխութիւն յառաջ բերել, Իր Սուրբ Հոգիին միջոցաւ: Այլապէս կրթութիւն, դաստիարակութիւն, ազնիւ վերաբերում, ցուցաբերուած համեստութիւն եւ այլ միջոցներ, պարզապէս ժամանակի կորուստ պիտի համարուին, եւ միւս կողմէ, անուղղայ բնաւորութեամբ անձին կողմէ՝ ծիծաղի առարկայ պիտի դառնան:
Հայկական առածը նոյն ուժգնութեամբ պիտի շարունակէ յիշեցնել մեզի, թէ՝ ՜՜ Օձը իր շապիկը կը փոխէ, բայց ո՛չ իր բնութիւնը՝՝:
Քաղուած՝ ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆի խորհրդածութենէն







All the contents on this site are copyrighted ©.