2013-10-02 09:54:39

Եւրոպայի Դիտաւորութեան Սուրբ Պատարագ Պրիւքսելի Մէջ


Եւրոպական Միութեան պաշտօնական գործունէութեան սկիզբի առթիւ չորեքշաբթի 2 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7-ին Պրիւքսելի ''Սապլոնի Տիրամօր'' անուան Եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Համահաւք դասի խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած` ''Եւրոպայի Դիտաւորութեամբ'' սուրբ պատարագի յատուկ արարողութիւն։ Սուրբ Զոհը կը գլխաւորեն Պրիւքսելի Արքեպիսկոպոսը` գերապայծառ Անտրէ Ժոզէֆ Լէոնրտ, Վիլինուսի Արքեպիսկոպոսը` գերապայծառ Կինատարաս Լինաս Կրուսաս որ ապա նաեւ պիտի ուղղէ օրուան քարոզը եւ գերապայծառ Ժան Գոգէրոլսը, Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Համահաւք դասի խորհուրդի փոխ նախագահը։








All the contents on this site are copyrighted ©.