2013-10-02 09:55:53

«Մեր Հիւլէական Իրաւունքներէն Պիտի Չհրաժարինք, Այլ Զանոնք Առանց Մտահոգութիւններ Յառաջացնելու Պիտի Օգտագործենք» Ըսաւ Զարիֆ


ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին մէջ պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի այն յայտարարութեան, թէ Իրանի դէմ զինուորական ընտրանքը տակաւին սեղանի վրայ է, գրած է, որ «Նախագահ Օպամայի կեցուածքները պէտք է հաստատ ըլլան, որպէսզի կարելի ըլլայ փոխադարձ վստահութիւնը ամրապնդել: Հակասութիւնները վստահութիւնը կ՛ականահարեն եւ ամերիկեան կողմին հաւաստիութիւնը կը տկարացնեն»:
Ան աւելցուց, որ «նախագահ Օպամայի այն ենթադրութիւնը, թէ Իրան բանակցելու համամիտ գտնուած է սպառնալիքներու եւ ապօրինի պատժամիջոցներուն պատճառով, իրանցի ժողովուրդին նկատմամբ անարգանք կը պարունակէ»:
Օպամա անցեալ շաբաթ ՄԱԿ-ի մէջ յայտարարեց, որ պատրաստ է իրանեան հիւլէական թղթածրարին հարցով դիւանագիտութեան առիթ տալու, սակայն ան երկուշաբթի օր Սպիտակ տան մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին ըսաւ, որ բանակցութեանց ձախողութեան պարագային «պիտի չբացառենք որեւէ կարելիութիւն, ներառեալ` զինուորական ընտրանքը»` աւելցնելով, որ «շնորհիւ անցնող տարիներուն մեր կիրարկած աննախադէպ պատժամիջոցներուն, իրանցիները բանակցութեան պատրաստ դարձան»:
Նշենք, որ 15 հոկտեմբերին Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ Իրանի եւ վեցեակի խմբակին միջեւ բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան:







All the contents on this site are copyrighted ©.