2013-10-01 10:38:25

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբեր Ամիսներուն Գլխաւորած Արարողութիւնները։


Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբեր Ամիսներուն Գլխաւորած Արարողութիւններն Են`

Ուրբաթ 4 Հոկտեմբերին` հովուական այցելութիւն Ասսիզի քաղաք։ Շաբաթ 12 հոկտեմբերի յետմիջօրէին ժամը 5 ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ Մարեմեան աղօթք, եւ կիրակի 13 հոկտեմբերին, Մարեմեան օրուան առթիւ, հանդիսաւոր ս. պատարագ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ։
Ընտանիքի օրուան առթիւ, կիրակի 27 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10.30 ին, ֆրանչիսկոս Պապը սուրբ պատարագ պիտի մատուցանէ միշտ Սուրբ Պետրոսի
հրապարկը։

Իսկ ուրբաթ 1 նոյեմբերին ''Ամենայն Սրբոց'' տօնին օրը, յետմիջօրէի ժամը 4.00 ին, ֆրանչիսկոս Պապը, Հռոմի Վէրանօ կոչուած գերեզմանատան մատրան մէջ կը գլխաւորէ հոգեհանգստեան սուրբ պատարագը եւ շաբաթ 2 նոյեմբերին, օր մեռելոցի օրուան առթիւ, յետմիջօրէի ժամը 6.00 ին, պիտի աղօթէ Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարի գետնադամբանին մօտ ննջեցեալ քահանյապետներու համար ։

Երկուշաբթի 4 նոյեմբերին առաւօտեան ժամը 11.30-ին , Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարի կեդրնական խորանին մօտ գտնուող՝ մատրան մէջ, Նորին Սրբութիւնը պիտի աղօթէ ննջեցեալ Կարտինալներու եւ Եպիսկոպոսներու համար որոնք իրենց հոգին աւանդեցին այս տարուան ընթացքին։ Մինչ 24 Նոյեմբերին, Քրիստոս Թագաւոր Տիեզերքի տօնին օրը, Սուրբ Պետրոսի մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ փակումը պիտի կատարէ իրեն նախորդին ` Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետին 2012-ի հոկետմբեր 11-ին հռչակած՝ Հաւատոյ Տարիին։







All the contents on this site are copyrighted ©.