Պէյրութէն Մեկնումի Պահուն Կոչ Ուղղելով Լիբանանցիներու Միասնականութեան`. «Շրջանի Ճակատագիրը
Կախեալ Է Լիբանանի Ճակատագիրէն» Ընդգծեց Ռուֆայիլ Սաքօ Պատրիարքը
Աշխարհի քաղդէացիներու Բաբելոնի Լուիս Ռուֆայիլ Սաքօ պատրիարքը երէկ դէպի Հռոմ իր մեկնումի
պահուն, Պէյրութի օդակայանին մէջ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` միանալու եւ անտեսելու
նեղմիտ ու անցողակի տարակարծութիւնները: «Ձեր հայեացքը սեւեռեցէք ապագային ուղղութեամբ,
որովհետեւ շրջանի ճակատագիրը կախեալ է իր քրիստոնեայ եւ իսլամ զաւակներով միակամ Լիբանանի
ճակատագիրէն», ընդգծեց Սաքօ պատրիարքը: Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն
ուղղելով իր խօսքը` ան կոչ ուղղեց միութեամբ ու համերաշխութեամբ տոգորուելու եւ մէկդի
ձգելու նեղմտութիւնը, որովհետեւ «մեզ միացնող հասարակաց կէտերը աւելի են, քան տարակարծութիւնները»: Ան
մաղթեց, որ շրջանի իսլամական մեծ ընտանիքը լաւագոյնս գնահատէ քրիստոնեաներու դերակատարութեան
կարեւորութիւնը` միաժամանակ շեշտելով քրիստոնէական շարքերու միասնութիւնը, որպէսզի կարենայ
«խօսակցիլ» իսլամական կողմին հետ ու կատարել իր պատմական դերակատարութիւնը: «Կը գիտակցինք
աշխարհի տարածքին քրիստոնեաներու կրած տառապանքին, եւ առ այդ Լիբանան պիտի մնայ Արեւելքի
քրիստոնեաներու փարոսը», շեշտեց քաղդէացիներու պատրիարքը: Նշենք, որ Սաքօ պատրիարքը,
մասնակցելէ ետք Լիբանանի կաթողիկէ հոգեւոր պետերու համաժողովին, երէկ ուղղուեցաւ Հռոմ`
տեսակցելու համար Ֆրանչիսկոս պապին հետ: