2013-10-01 09:04:10

Երկխօսութիւն Եւ Համոզմունք Կամ ՝ Ըլլալ Համոզումի Տէր,
Բայց եւ Պատրաստ Ըլլալ՝ Մտիկ Ընել Ուրիշին


Մէկու մը համար երբ կ՝ըսենք թէ համոզումի տէր անձ մըն է, կամ ուրիշ մէկու մը համար թէ երկխօսութեան պատրաստ մէկը, ինքնաբերաբար կը խորհինք, թէ այս անձերը բոլորովին տարբեր՝ նոյնիսկ հակոտնեայ դիրքորոշումներ ունին։ Այս զատողութիւնը զգալի է մանաւանդ այն Եկեղեցիներու մօտ, ուր համոզմունք եւ երկխօսութիւն այնքան ալ մօտ չեն իրարու։
Երկխօսութի՞ւն թէ համոզում
Ընդհանուր առումով ՝ համոզումի տէր մէկը անձ մըն է որ գիտէ պնդել իր գիտցածին վրայ եւ կը ջանայ ուրիշներն ալ հաղորդակից դարձնել իր համոզումներուն։ Անձ մը, որ յաճախ չի գիտեր մտիկ ընել ուրիշներուն։ Աւելի կը նմանի մարտիկի մը, որ ուշադիր է դիմացէն եկող հարուածին՝ պէտք եղածին պէս հակազդելու համար։ Համոզումի տէր մէկու մը համար՝ իր համոզումները աղբիւր են պայքարի, եւ եթէ հաւատացեալ է՝ դրդապատճառ խաչակրութեան։
Միւս կողմէն, նոյն մօտեցումով ՝ երկխօսութեան տրամադիր մէկը անձ մըն է, որ միշտ պատրաստ է իր սեփական մտածումները մէկդի դնելու, եւ իր տատամսումներով ՝ ամէն տեսակ յարմարեցում ընդգրկելու։ Սահմանումներու միջեւ չի գիտեր զանազանութիւն դնել, եւ չի գիտեր լաւն ու գէշը, ճիշդն ու սխալը իրարմէ զատել։ Այն պարագան, թէ պատրաստ է նա խօսակցութեան մտնել անոնց հետ որ սխալմունքի մէջ են՝ ցոյց կու տայ, թէ հաստատուն կերպով չէ փարած ճշմարտութեան։
Քիչ մը չափազանցուած ՝ բայց այս մօտեցումները ընդհանրացած բնոյթ ունին, բացէիբաց արտայայտուած կամ ծածկեալ կերպով բանաձեւուած, եւ կըրնան ծայրաստիճան վտանգաւոր ըլլալ, հիմնուած ՝ սխալ հասկացողութեան մը վրայ, ըլլայ համոզումի, ըլլայ երկխօսութեան պարագային։

Երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը կամ համոզումի ճշմարտութիւնը
Համոզումներ ունենալը հարկաւոր է - թէպէտեւ առաքինութիւն չէ -, կեանքին իմաստ եւ ուղղութիւն տալու համար, դժուարութիւններու դիմաց անմիջապէս չընկրկելու եւ փախոստ չտալու համար։ Այս տեսակէտէ ՝ հաւատքը համոզում մըն է ՝ հիմնուած Աստուծոյ վրայ։ Բայց նաեւ կարելի է համոզումներ ունենալ ամենագէշ կէտերու վրայ։ Ուստի, անհրաժեշտ է, որ համոզումը հիմնուած ըլլայ տրամաբանական օրէնքներու վրայ։
Մեր համոզումները գաղափարներ են զորս մենք կ՚ընդունինք իբրեւ հաստատ ճշմարտութիւններ։ Բայց գիտենք նաեւ, որ Ճշմարտութիւնը վեր է մեր համոզումներէն եւ նկատառումներէն։ Աստուածաբանօրէն գիտենք, որ Աստուծոյ Ճշմարտութիւնը, ինչպէս եւ Ճշմարտութիւնը իր Խօսքին՝Բանին, վեր են մեր հասկացողութենէն։ Կրնանք միշտ ալ սխալիլ անոնց մեկնաբանութեան մէջ, բայց եւ կրնանք յառաջդիմել դէպի լաւագոյն հասկացողութիւն։ Այս պատճառաւ ալ, բողոքականներու համաձայն ՝ Եկեղեցին միշտ պէտք է վերանորոգուի Աստուծոյ Խօսքին համեմատ։
Չէ՞ք նշմարած. անոնք որ պէտք ունին իրենց համոզումը ամրացնելու, անոնք որ իրենքզիրենք տկար կը զգան եւ վախ ունին այս տկարութենէն, ասոնք է որ ամէնէն աւելի կը ջանան ուրիշները համոզելու։ Իսկական համոզումը, սակայն, կարծիք մըն է որ միշտ ալ գոյութիւն ունի ուրիշ կարծիքներու եւ գաղափարներու առընթեր։Այն որ կ՚ուզէ բանաւոր համոզում մը գոյացնել ՝ պէտք է ուշադրութեամբ քննէ այն բոլոր հանգամանքները եւ մտիկ ընէ այն ամէն պատճառաբանութիւնները, որ ուրիշները ուրիշ կարծիքներու եւ համոզումներու առաջնորդած են։ Մտիկ չընել ուրիշներուն՝ շատ վտանգաւոր բան մըն է. ըսել է, թէ չենք ուզեր նկատի ունենալ այն պատճառաբանութիւնները որ բաւական զօրաւոր են ՝ ուրիշներու քով ուրիշ տեսակ համոզումներ գոյացնելու։







All the contents on this site are copyrighted ©.