Հայաստանի Բնակչութեան 13 Տոկոսը Աղքատութեան Նպաստ Կը Ստանայ:
Պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, այս տարուան 1 Յուլիսի դրութեամբ աղքատութեան նպաստ
կը ստանայ աւելի քան 103 հազար ընտանիք կամ 393 հազար հոգի: Այս թիւը հանրապետութեան
բնակիչներուն 13 տոկոսն է: Աղքատութեան նպաստ ստացողներուն մեծամասնութիւնը (68.7
հազար ընտանիք) ընտանիքին մէջ ունի 5-18 տարեկան անչափահաս երեխաներ: Երկրորդ խումբը՝
մօտ 32.4 հազար ընտանիք, տնային տնտեսութիւններ են, որոնք ընտանիքին մէջ մինչեւ 5 տարեկան
երեխաներ ունին: Նշենք, որ նոյն ընտանիքը կրնայ մաս կազմել տարբեր խումբերու։ Երրորդ
խումբին մէջ՝ մօտ 15.7 հազար ընտանիք, կան կենսաթոշակառուները: Կայ նաեւ 15.7 հազար ընտանիքէ
բաղկացած այլ խումբ մը՝ 2րդ կարգի հաշմանդամներէ բաղկացած: Գաղտնիք չէ, որ, ի շարս
այլոց, աղքատութեամբ բնորոշուող խումբերուն մէջ կան նաեւ միայնակ կենսաթոշակառուները:
Հայաստանի մէջ, ուր ընտանեկան աւանդութիւնները կը պահպանուին, կենսաթոշակառուները ընդհանրապէս
կը բնակին իրենց հարազատներուն հետ: Սակայն կան շատ միայնակ թոշակառուներ, որոնք կ՛ապրին
միայն կենսաթոշակով, որ խորհրդանշական բնոյթ ունի: Պաշտօնական վիճակագրութեան համաձայն,
միայնակ կենսաթոշակառուները, որոնք աղքատութեան նպաստ կը ստանան, մօտ 11.8 հազար կը հաշուեն: Իրողութիւն
է, որ, հակառակ պաշտօնական տուեալներուն, Հայաստանի մէջ աղքատութեան նպաստ ստացողներուն
թիւը շատ աւելի քիչ է, քան աղքատութեան ընդհանուր մակարդակը: