2013-09-30 10:31:06

Հալէպի Յոյն Կաթողիկէ Առաջնորդը Կը Պարզէ Սուրիոյ Եւ Մասնաւորապէս Հալէպի Աղետալի Կացութիւնը։


''2000 դպրոցներ, 37 հիւանդանոցներ եւ շուրջ հազար խնամատուներ քանդուած են''։

Սուրիոյ աղետալի կացութիւնը չի սահմանափակուիր զոհերը ու վիրաւորելաները թուելով, Հալէպի կաթողիկէ եկեղեցւոյ մետրապոլիտ` Արքեպիսկոպոս Ժանպարթ այլ թիւերով ներկայացուցած է կացութիւնը, լաւագոյնս հասկնալու Սուրիոյ աղետալի իրավիճակը։
Առաջնորդին գնահատումով` վերջին ամիսներուն, միմիայն Հալէպ քաղաքին մէջ աւելի քան 1400 գործարաններ եւ աշխատանոցներ թալանուած կամ կործանուած են։ 2000 դպրոցներ, 37 հիւանադնոցներ եւ շուրջ հազար խնամատուներ քանդուած են։ Երկրի ցորենի ամբարանոցներու մեծ մասը կողոպտուած ու պարպուած է։ Շոգեկառքի գիծերը տեղահանուած ու ելեկտրական գիծերը վնասուած են։ Մայրուղիները ահաբեկիչներէն ու չարագործներէն բռնագրաւուած` առեւանգելու կամ գողնալու ճամբորդները։
Այս ողբերգական կացութեան առջեւ, ըսաւ Յոյն Կաթողիկէներու առաջնորդը, մեզի կը մնայ դիմել ու յանձնուիլ Աստուածային նախախնամութեան ու Անոր ողորմութեան, միակը որ կարող է խաղաղութիւնը վերահաստատել Սուրիոյ մէջ։
Գերապայծառ Ժամպարթ հուսկ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին խաղասէր միջամտութիւններուն ու Անոր աղօթքներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.