Հալէպ. Հրասանդի Հրթիռները Կը Շարունակեն Իյնալ Հայաշատ Թաղամասերուն Մէջ
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ հաղորդեց, որ հրասանդի հրթիռները տակաւին կ՛իյնան
նաեւ հայաշատ խաղաղ թաղամասերուն մէջ` առանց վիրաւորներ արձանագրելու: Հալէպի մէջ
հեռաձայնի քաղաքային եւ բջիջային կապերը վերականգնուած են, սակայն միջազգային կապերը
եւ համացանցը կը մնան անջատուած: Հակառակ կենցաղային դժուար պայմաններուն, դպրոցական,
ներազգային եւ միութենական կեանքը կը շարունակուի: «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը տեղեկացնէ
նաեւ, որ Դամասկոսի կեդրոնական թաղամասերուն մէջ ապահովական զարգացում չէ արձանագրուած:
Արուարձաններէն կը լսուին թնդանօթի ձայներ. բանակի միաւորներ կը շարունակեն հալածել Լիուա
Ֆաթհ անունով ճանչցուած զինեալ խմբաւորումները Քապունի, Պարզէի եւ այլ շրջաններուն մէջ: