2013-09-30 13:41:57

''Ժողովուրդի մը Ապագան Մանուկներուն ու Ծերերուն Մէջ Կը Գտնուի'' Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։


Երկուշաբթի 30 Սեպտեմբերի առաւօտեան Տոմուս Սանդա Մարդայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մատնանշեց ''Ժողովուրդի մը ապագան հոս է, ծերուկներուն եւ պզտիկներուն մէջ։ Եկեղեցի մը որ խնամք չի տանիր ծերերուն եւ մանուկներուն, ապագայ չ՝ունի։Որովհետեւ ոչ յիշողութիւն եւ ապագայի խոստում ունի։Առաքեալները ''կատարեալ'' Եկեղեցի մը կ՝ուզէին որ առանց արգելքներու յառաջ ընթանայ այս մէկը սակայն փորձութեան կ՛ենթարկէ եկեղեցին, ''կատարեալ եկեղեցի մը , լաւ կազմակերպուած եկեղեցի բայց զրկուած յիշատակէ եւ խոստումէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.