2013-09-28 08:21:11

Սուրբերու Դատի Առընչութեամբ Կարտինալական Խորհրդաժողով ։


Քահանայապետական արարողապետ` գերապայծառ Կուիտօ Մարինին հաղորդած է թէ յառաջիկայ 30 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 10-ին, Առաքելական Պալատի Գոնչիսդորօ Սրահին մէջ, նախատեսուած է Կարտինալական հրապարակային խորհրդաժողով մը, քննարկելու համար Երանելի Յովհաննէս ԻԳ-ի եւ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի սրբադասումի դատերը։
Խորհրդաժողովը սկիզբ կ՛առնէ ժամասացութեան արարողութեամբ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ներկայութեամբ։
Յայտնենք թէ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի սրբադասման դատը սկիզբ առած էր, բացառօրէն, անոր մահուան թուականէն, ապրիլ 2005-ին, շատ քիչ ժամանակ ետք, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի կամքով, եւ 2011-ի մայիս մէկին, երջանկայիշատակ Քահանայապետի մահուընէ 6 տրաիներ ետք, Վատիկանի մէջ մեծ հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ անոր երանացման արարողութիւնը, միլիոնաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Մինչ Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետը իր մահկանցուն կնքեց 1963-ի յունիսին, Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի բացումէն մէկ տարի ետք ու 1965-ին Պօղոս Զ քահանայապետը արտօնեց անոր երանցման դատը սկսիլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.