2013-09-28 12:31:15

''Սատանան Կը Սպառնայ Վատիկանի Միասնականութեան'' Ըսաւ Նորին Սրբութիւնը Վատիկանի Ոստիկանութեան Ուղղած Իր Քարոզին Մէջ։


Շաբաթ 28 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 9-ին, Վատիկանի Ոստիկանութեան պաշտպան սուրբ` Միքայել հրեշտակապետի տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը, Վատիկանի պարտէզներու Լուրտի Տիրամօր նուիրուած քարայրին առջեւ, գլխաւորեց սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Վատիկանի ոստիկանութեան անդմաները ։
Սրբազան Հայրը ապա ժամը 11-ին, իր գրասենաեկի մէջ, յաջորդաբար ընդունեց. Կարտինալ Մարք Ուելլէն` Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը, Պրազիլի Եպսիկոպոսական Համահաւաք Դասի Նախագահը` Կարտինալ Րաիմունտօ Տամաշէնօ Ասսիզ, Փոխ նախագահը գերապայծառ Խոսէ Պէլիսարիօ Տա Սիլվա եւ Քարտուղարը` գերապայծառ Լէոնարտօ Ուրլիխ Սդէյնէր, հուսկ ժամը 12,30-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ըդնունեց Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը գերապայծառ Սալվադորէ Ֆիզիքելլան։

Առաւօտեան մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ժամանակակից թշնամիին որ է Սատանան։ ''Այսօր այս Պետութեան ապահովութիւնը պաշտպանելու ենք սատանայի սպառնալիքներէն - ըսաւ Սրբազան Հայրը - որպէսզի յանցագործերու եւ գողերու վայր մը չդառնայ։ Այսօրուայ պայքարը ''Նաբոլէոնի'' դէմ չէ այլ պայքարն է լոյսին` ընդդէմ խաւարին, օրուան ընդդէմ գիշերուան եւ խաւարի որդիներն ու անոնց տէրը` սատանան, ամէն օր մեզի կը սպառնան։ Արդ` - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ձեզմէ կը խնդրեմ որ բացի դռներն ու պատուհանները պահպանելէ, ձեր առաօրեայի մտահոգութիւնը ըլլայ նաեւ, Սուրբ Միքայելի նման, ընդդիմանալ սատանայի փորձանքներուն։ Սատանան մեզ ամէնքս կը փորձէ... ան կ՛ուզէ Եկեղեցւոյ միասնականութիւնը խախտել։ Զէնքերով մղուած պատերազմ մը չէ, այլ քաղաքացիական եւ հոգեւոր պատերազմ մը, եւ այս պատերազմի զէնքը` չարախօսութիւնն ու անիմաստ խօսակցութիւններն են, սատանայի լեզուն է որ հեռու մնալու է Վատիկանէն։
Հայցենք Սուրբ Միքայէլի բարեխօսութիւնը որ մեզի աջակցի այս պատերազմին մէջ։ Թող ոչ մէկը չարախօսէ միւսին դէմ եւ ոչ մէկը ականջ կախէ չարախօսութիւններուն եւ անիմաստ խօսակցութիւններուն։ Անոնք մնալու են Սրբուհի Աննայի դռնէն դուրս - յարեց Սրբազան Հայրը ու ապա խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով Վատիկանի ոստիկաններուն իրենց աշխատանքին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.