2013-09-28 10:19:47

«Իրաքի Եւ Շամի Իսլամական Պետութիւն» Խմբաւորումի Զինեալներ Րաքքայի Մէջ Հայկական Եկեղեցի Մը Աւերած Են


Րաքքայէն ընդիմադիր էջերէ քաղուած լուրեր եւ նկարներ հրապարակուեցան, ուր կը պարզուի, թէ Հինգշաբթի օր «Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն» խմբաւորումի անդամներ Յոյն կաթողիկէ «Սուրբ Աստուածածնի Աւետման» եկեղեցւոյ գմբեթին վրայի խաչը քանդած են եւ կը բարձրացնեն իրենց դրօշը: Աղբիւրները կը յայտնեն, որ Սաքանէ թաղամասին մէջ գտնուող նշեալ եկեղեցին ենթարկուած է հրկիզումի եւ աւերի։ Հրկիզուած են եկեղեցւոյ խաչերն ու սրբանկարները, որմէ ետք նոյն խմբաւորումի անդամները ուղղուած են քաղաքի կեդրոնի մէջ Ալ-Ռաշիտ հանրային պարտէզին մօտ գտնուող Րաքքաի Հայ կաթողիկէ «Նահատակաց» եկեղեցի եւ աւերելով եկեղեցւոյ գոյքերը վար առած գմբեթի խաչը ու նոյնպէս բարձրացուցած իրենց դրօշը:
Նշենք որ Հայ կաթողիկէ «Նահատակաց» եկեղեցին օծուած է 1978ին, եւ կը պատկանի Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին, իսկ 2005 էն ի վեր կը ծառայէր նաև ասորի համայնքի հաւատացեալներուն:
Որոշ աղբիւրներ նշեցին որ երեկոյեան տեղացիներ եւ որոշ խմբաւորումեր կազմակերպած են բողոքի հաւաք մը՝ պահանջելով եկեղեցիներու վերականգնումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.