2013-09-27 18:02:31

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հանդիպումը Կրօնուսոյցներու Միջազգային Գիտաժողովի Մասնակիցներուն Հետ։


Ուրաբթ 27 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 5-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, հանդիպեցաւ Հաւատոյ Տարուայ առթիւ կազմակերպուած` ''Կրօնուսոյցը հաւատքի վկայ'' վերտառութեամբ, կրօնուսոյցներու միջազգային գիտաժողովի 1600 մասնակիցներուն։
Հանդիպումին սկիզբը Սրբազան Հօր ողջոյնի եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` գերապայծառ Սալվատորէ ֆիզիքելլան որ խօսքին մէջ ըսաւ ''Կրօսոյցներու միջազգային գիտաժողովի առաջին գիտաժողովէն 20 տարիներ ետք պատեհ զուգադիպութիւն է Հաւատոյ Տարուայ առթիւ նշել Կրօնուսոյցներու միջազգային Բ գիտաժողովը, մասնակցութեամբ 50 երկիրներէ ժամանած 1600 կրօնուսուսյցներու եւ առաջնորդութեամբ իրենց թեմերու եպիսկոպոսներուն եւ պատասխանատուներուն''։

Ներկաներուն արտասանած իր ճառին սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը իր կարգին ուրախութիւն յայտնեց ի տես Հաւատոյ Տարուայ առթիւ կազմակերպուած կրօնուսոյցներու հանդիպումին ընդգծելով թէ ''կրօնուսուցումը հաւատքի դաստիարակութեան հիմքն է''։ Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն անոնց աշխատանքի ու Եկեղեցւոյ ի սպաս ծառայութեան համար ընդգծելով թէ ''կրօնքի ուսուցիչ ըլլալը կը նշանակէ ապրիլ հաւատքը եւ առաջնորդել մանուկներն ու երիտասարդները դէպի Յիսուսի հետ հանդիպումին, խօսքով, ապրելակերպով եւ վկայութեամբ''։ Կրօնուսուցումը կը պահանջէ սէր։ Սէր հանդէպ Քրիստոսի ու Անոր սուրբ ժողովուրդին։ Սէր մը որ կը բխի Քրիստոսէն - յարեց Սրբազան Հայրը - ու ապա խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց երեք գլխաւոր նիւթերու վրայ` Քրիստոսը ունենալով որպէս մեկնակէտ։
Մեկնիլ Քրիստոսէն - ըսաւ Սրբազան Հայրը - կը նշանակէ մտերմութիւն ունենալ Անոր հետ։ Աշակերտի մը համար կարեւորը իր ''վարդապետին'' հետ մնալն է։Անոր մտիկ ընել եւ հետեւիլ Անոր ուսուցումներոն։
Քրիստոսէն մեկնիլ կը նշանակէ նաեւ նմանիլ Անոր եւ յառաջ ընթանալ ուրիշին հանդիպելու։
Քրիստոսը ունենալ որպէս մեկնակէտ կը նշանակէ վախ չ՛ունենալ եւ Անոր հետ երթալ դէպի կեանքի արուարձանները որովհետեւ Աստուած միշտ աւելի անդին կը նայի, չի վախնար արուարձաններէն։ Ան միշտ հաւատարիմ է, ինքն իր մէջ փակ չէ, մեզ կ՛ընկալէ, մեզ կ՛ընդառաջէ եւ մեզ կը հասկնայ։ Յիսուս չ՛ըսէր ''գացէք եւ ձեր գլխուն ճարը տեսէք'' այլ կ՛ըսէ ''Գացէք ու ես ձեր հետն եմ''։ Այս է մեր գեղեցկութիւնն ու ուժը։ Ան մեր հետ կը քալէ, մեզ կը կանխէ։ Մենք դուրս ելլելու ենք մենք մեզմէ ու Անոր աւետարանը տանելու ենք ամենուրէք` առանց վախի։ Նոյնիսկ երբ ''դուրս ելլել'' կը նշանակէ արկածներու հանդիպիլ ես հազար անգամ կը նախընտրեմ արկածահար Եկեղեցի մը քան հիւանդ եկեղեցի մը - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու մատնանշեց թէ Յիսուս մեզ կը սպասէ մեր եղբօրը սրտին մէջ, անոր վէրքերուն մէջ, անոր անհաւատ հոգիին մէջ եւ ճնշումի տակ ապրուած կեանքին մէջ։ Յիսուս ճիշդ այդ մեր եղբայրն է - հաստատեց ֆրանչիսկոս պապը ու հրաւիրեց` ''Մնալ Յիսուսի հետ. հետեւիլ Անոր, ընդօրինակել Անոր ուրիշի հանդէպ ունեցած սիրոյ արտայայտութիւնը ու մեր կարգին ''դուրս ելլել'', բանալ դռները եւ քաջութիւնը ունենալ Աւետարանի քարոզութեան ի սպաս նոր ճանպարհներ կառուցելու։
Թող Աստուած ձեզ օրհնէ ու Տիրամայրը ըլլայ ձեզի առաջնորդ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու խօսքը եզրափակեց ներկաները հրաւիրելով ''Ողջոյն քեզ մարիամ'' աղօթքը արտասանելու մէկը միւսին դիտաւորութեամբ։ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.