2013-09-27 09:47:55

Հռոմէն Իր Վերադարձին. «Լիբանան Ոչ Մէկ Կուսակցութեան Սեփականութիւնն Է» Յայտարարեց Ռայի Պատրիարք


«Երկիրը ոչ ոքի ագարակը կամ սեփականութիւնն է», յայտարարեց մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ Հռոմէն իր վերադարձին` դժգոհութիւն յայտնելով կարգ մը կողմերու արտաքին ուժերու վստահելու երեւոյթին գծով:
«Կարելի չէ զէնքի բռնամիջոցներով կամ ազդեցութիւն բանեցնելով երկխօսութիւն գոյացնել», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը` կոչ ուղղելով» կառչած մնալու Լիբանանի նկատմամբ մեր հաւատքին»:







All the contents on this site are copyrighted ©.