2013-09-27 11:00:08

''Խաղաղութիւն Երկրի Վրայ'' Շրջաբերական Թուղթի 50 Ամեակը։


Հինգշաբթի 26 սեպտեմբերի առաւօտեան, Սուրբ Աթոռի՝ ՅՊԲ-ի անուան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս ներկայացնելու Երանելի Յովհաննէս ԻԳ - ի ''Խաղաղութիւն Երկրի Վրայ'' շրջաբերական թուղթի հրատարակութեան 50-րդ յոբելեանի առընչութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկները որ տեղի պիտի ունենան Հռոմի մէջ յառաջիկայ 2, 3 եւ 4 հոկտեմբերին։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ունեցած իր ելոյթով, Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն Քահանայապետական խորհուրդի Նախագահը` Կարտինալ Բիդէր Թուրքսոն, անդրադարձաւ ''համաշխարահկանացումի'' նիւթին ու ապա ակնարկեց խաղաղութեան նոր սահամններուն ու այս առընչութեամբ` դաստիարակութեան կարեւորութեան որպէս ''խիղճերու կազմաւորում''։ Կարտինալ Թուրքսոն ապա առաջարկ ներկայացուց ՄԱԿին, պատշաճ օրէնք մը քուէարկելու ''քրիստոնեաներուն դէմ գործադրուած հալածանքները'' դադրեցնելու նպատակով։ Ան մատնանշեց թէ ''այնպէս ինչպէս մահմետական կարգ մը երկիրներ ՄԱԿէն կը խնդեն կրօնքի նախատանքին դէմ օրէնք մը քուէարկել, նոյնպէս Ս. Աթոռը կրնայ ՄԱԿէն խնդրել օրէնք մը` որ պաշտպան հանդիսանայ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն։
Մամլոյս ասուլիսի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ վերոյիշեալ խորհուրդի քարտուղար` Գերապայծառ Մարիօ Թոզօ որ ներկայացուց ''Խաղաղութիւն Երկրի Վրայ'' շրջաբերական թուղթի բովանդակութիւնն ու անոր այժմէականութիւնը։

''Խաղաղութիւն Երկրի Վրայ'' շրջաբերական թուղթի հրատարակութեան 50-րդ յոբելեանի առթիւ նախատեսուած ձեռնարկները տեղի կ՛ունենան, ինչպէս նշեցինք, 2 - 4 հոկտեմբեր 2013, Հռոմի մէջ եւ ունին որպէս բանաբան ''քաղաքական ասպարէզի մէջ յանձնառու` կաթողիկէ նոր սերունդի կազմաւորումը'' եւ որուն բացումը կը կատարէ, չորեքշաբթի 2 հոկտեմբերի առաւօտեան, Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն Քահանայապետական խորհուրդի Նախագահը Կարտինալ Բիդէր Թուրքսոն։ Հինգշաբթի 3 հոկտեմբերին նախատեսուած է ''Խաղաղութիւն Երկրի Վրայ'' շրջաբերական թուղթի հրատարակութեան 50-րդ ամեակի հանդիսաւոր նշումը Վատիկանի ''Սիւնհոդոսական'' սրահին մէջ եկեղեցական բարձրաստիճան իշխանութիւններու եւ ակատեմական աշխարհի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։

Եռօրեայ նիստերու ընթացքին շօշափուելիք նիւթերու շարքին են` ''Եկեղեցւոյ իրավիճակը այսօրուայ աշխարհին մէջ եւ Քահանայապետական ու Կաթողիկէ համալսարաններու յանձանռումը''։ ''Ընկերային քաղաքականութիւնն ու արդարութիւնը. Նոր հեռանկարներ եւ իրագործումի նոր միջոցներ''։ ''Հասարակաց բարիքը ու զայն հետապնդելու նոր պայմանները'' եւ ''Քաղաքականութեան ասպարեզին մէջ յանձնառու` Կաթողիկէ նոր սերունդը եւ քահանայապետական ու կաթողիկէ համալսարաններու դերը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.