2013-09-27 12:08:14

Լիբանանի Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի Սաներուն Այցը Հայաստանի Դեսպանութիւն


Օգոստոս ամսուան ընթացքին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն 2013» ծրագիրին մասնակցած Ս. Խաչ¬Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներէն կազմուած «Հայ ենք մենք» թատերախումբը հրաւէր ստացաւ այցելելու Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանին: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 6 սեպտեմբեր 2013-ի յետմիջօրէին. խմբակին կ՛ընկերակցէր վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը եւ թատրոնին բեմադրիչ Յովիկ Յակոբեանը:
Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցաւ շնորհակալական խօսքերու փոխանակում: Դեսպան Քոչարեան նշեց, թէ վերոնշեալ ծրագիրին միջոցով կ՛ամրապնդուին Հայաստան-սփիւռք կապերը, հետեւաբար սփիւռքահայ պատանիներու մասնակցութիւնը շահեկան եւ օգտաշատ կը նկատուի այս առումով:
Իր կարգին Ռ. Պոյաճեան բոլորին անունով անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց մեծարգոյ դեսպանին եւ անոր միջոցով սփիւռքի նախարարութեան` վարժարանի թատերախումբին տրուած այս առիթին համար, որուն շնորհիւ անոնք այցելեցին Հայաստան եւ «Արի Տուն» ծրագրին ընդմէջէն ծանօթացան հայրենիքին, սերտ կապեր ստեղծեցին անոր հետ, սփիւռքահայ զանազան ափերէ ժամանած հայորդիներու հետ բարեկամական կապեր ունեցան, ինչպէս նաեւ բացառիկ առիթը ունեցան ելոյթ ունենալու Երեւանի «Մհեր Մկրտչեան» դահլիճին մէջ:
Հանդիպումը աւարտեցաւ աշակերտներուն տուած վկայութիւններով եւ կատարած յիշատակումներով:







All the contents on this site are copyrighted ©.