2013-09-27 11:14:39

Լաւրով. «Քերրիի Յանձնեցի Քիմիական Զէնքով
Յարձակումին Սուրիական Ընդդիմութեան
Մեղսակցութիւնը Փաստող Տեղեկութիւններ»


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «մենք կը կարծենք, որ 21 օգոստոսին Ղութայի մէջ կատարուած յարձակումին ընդդիմութեան մեղսակցութեան շատ համոզիչ փաստեր գոյութիւն ունին»` աւելցնելով, որ «Նիւ Եորքի մէջ մեր վերջին հանդիպումին ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի փոխանցեցի շարք մը տեղեկութիւններ, որոնք Դամասկոսի մօտ քիմիական զէնքով յարձակումին սուրիական ընդդիմութեան մեղսակցութիւնը կը փաստեն: Այդ տեղեկութիւնները նորութիւն չեն, այլ զանոնք կարելի է տեսնել համացանցին վրայ»:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ համաձայնած են, որ սուրիական քիմիական զէնքերուն հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը պէտք է Ժընեւի համաձայնութեան համահունչ ըլլայ:
Մինչ այդ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամները Սուրիան քիմիական զէնքերէ զինաթափելու վերաբերեալ բանաձեւի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են: Սակայն ՄԱԿ-ի ժողովներուն մասնակից ռուսական պատուիրակութեան մէկ անդամը հետագային յայտնեց, որ համաձայնութեան մասին տեղեկութիւնները «պարզապէս մեծ տէրութեանց փափաքներն են»:







All the contents on this site are copyrighted ©.