2013-09-26 12:26:56

Փաքիստանը Հարուածած Երկրաշարժին Պատճառով Նոր Կղզի Մը Ի Յայտ Եկած Է


Փաքիստանը հարուածած եւ 327 զոհ պատճառած ուժգին երկրաշարժէն ետք, երկրին հարաւային ափերուն մօտ, Արաբական ծովուն վրայ նոր կղզի մը ի յայտ եկած է: Փաքիստանի Երկրաշարժերու հետազօտման ազգային կեդրոնէն Զահետ Ռաֆի նշեց, որ այդ կղզիին ի յայտ գալը զարմանալի չէ` նկատի ունենալով Փաքիստանը հարուածած երկրաշարժին ուժգնութիւնը: Սակայն Երկրաբանութեան հետազօտման ամերիկեան կեդրոնէն Ճոն Պլինի բացառեց, որ երկրաշարժը առանձինը կրնայ այս չափով կղզի մը յառաջացնել` նշելով, որ ատոր կրնան նպաստել շարք մը ազդակներ, ինչպէս` տեղատուութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.