2013-09-26 12:07:15

ՄԱԿ-ի Հետաքննիչները Դամասկոս Հասան


ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման հարցով ՄԱԿ-ի հետաքննիչներու խումբի անդամները երէկ կէսօրուան ժամը 11:50-ին Դամասկոս հասան եւ կը գտնուին «Ֆոր Սիզընզ» պանդոկին մէջ: Անոնք Պէյրութի միջազգային օդակայան էջք կատարելէ ետք ցամաքի ճամբով ուղղուեցան Դամասկոս:
Կը նախատեսուի, որ խումբը քիմիական զէնքի հաւանական օգտագործման շուրջ 14 վայրեր հետաքննէ:
ՄԱԿ-ի հետաքննիչներու խումբի շուէտացի ղեկավար Աքի Սալսթրոմ յայտնեց, որ կը յուսայ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման վերաբերեալ իր վերջնական տեղեկագիրը ներկայացնել «թերեւս հոկտեմբեր ամսուան վերջաւորութեան»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ Նիւ Եորքի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ «քիմիական զէնքերը Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերուն ձեռքերէն պէտք է խլուին»:







All the contents on this site are copyrighted ©.