2013-09-26 12:24:04

Հայաստան Եւ Յունաստան Զինուորական Համագործակցութեան Ծրագիր Ստորագրեցին


Հայաստան եւ Յունաստան երէկ ստորագրեցին 2014 թուականի զինուորական համագործակցութեան ծրագիրը, որ կը նախատեսէ փոխադարձ գործակցութիւն ուսումնական, վարժական եւ ապահովութեան մարզերուն մէջ:
Հայ-յունական զինուորական համագործակցութեան ծրագիրը ստորագրուեցաւ Յունաստանի Ազգային պաշտպանութեան սպայակոյտի պետ, զօրավար Միխայէլ Քոսթարաքոսի Երեւան այցելութեան շրջագիծին մէջ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ առաւօտեան ընդունեց զօրավար Քոսթարաքոսը եւ նշեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ նախորդ տարիներուն ձեւաւորուեցաւ բարձր մակարդակի քաղաքական աշխուժ երկխօսութիւն եւ սերտ փոխադարձ գործակցութիւն զինուորական մարզին մէջ:
Աւելի ուշ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ Հայաստանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ, զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրով ընդունեց Քոսթարաքոսը: Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած բանակցութիւններէն ետք ստորագրուեցաւ յառաջիկայ տարուան զինուորական համագործակցութեան ծրագիրը:
Իր խօսքին մէջ ներկայացնելով համագործակցութեան մարզերը` զօր. Եուրի Խաչատուրով ընդգծեց, որ 2014 թուականի փոխադարձ գործակցութիւնը կը նախատեսէ 10 նախաձեռնութիւններ` սակայն չմանրամասնելով, թէ ինչի մասին է խօսքը:
Իր կարգին, զօր. Քոսթարաքոս ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Յունաստանի համագործակցութիւնը ռազմավարական բնոյթ ունի: «Այդ համագործակցութեան հիմքերը պատմական են, երբ մեր երկու ազգերը սերտ կապեր ունեցած են», յայտնեց ան:
Յունաստանի Ազգային պաշտպանութեան սպայակոյտի պետը երէկ նաեւ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ:







All the contents on this site are copyrighted ©.