2013-09-26 13:50:08

«Կոմիտաս Վարդապետ» Փառատօնը Հայաստանի Մէջ:


ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող «Կոմիտաս Վարդապետ” փառատօնը 26 Սեպտեմբերին սկիզբ առաւ Կոմիտասի անուան քաղաքային պանթէոն այցելութեամբ, որուն ընթացքին նաեւ՝ երգի համատեղ կատարումներ` տեղի ունեցան նուիրուած հայ մեծ երգահանին: Ժամը 19-ին Առնօ Պապաջանեան համերգասրահի մէջ տեղի կ՝ունենայ փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը` նուիրուած Կոմիտասի ծննդեան օրուան:
Ելոյթներով հանդէս պիտի գան երգչախումբեր, երաժշտախումբեր եւ անհատ կատարողներ ՀՀ-էն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն:
Փառատօնին, Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի դահլիճէն ներս կը կայանայ Կոմիտասին նուիրուած նկարազարդ գիրքերու եւ ձայնասկաւառակներու շնորհանդէս։ Նաեւ՝ ՜՜Կոմիտասի կեանքը եւ գործունէութիւնը՝՝ թեմայով զեկուցում արուեստի վաստակաւոր գործիչ փրոֆէսր Արաքսի Սարեանի կողմէ: Աւարտին կ’իրականացուի համերգային ծրագիր։
Փառատօնին կը հնչեն նաեւ՝ Կոմիտասի բանաստեղծութիւնները “Կոմիտասը եւ հայ մանուկները” խորագիրով:
Փառատօնի մասնակիցները Էջմիածին պիտի այցելեն ուր եւ պիտի մասնակցին Սուրբ Պատարագին:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանի մէջ պիտի ներկայացուին հոգեւոր կատարումներ ՀՀ-էն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն ժամանած երգչախումբերու, երաժշտախումբերու եւ անհատ կատարողներու մասնակցութեամբ:
Յ. Պարոնեանի անուան երաժշտական կոմետիայի պետական թատրոնէն պիտի հնչեն Կոմիտասեան կատարումներ ճաբոնական կոտօ նուագարանի ուղեկցութեամբ: Այս համերգին կը մասնակցին Ճաբոնէն եւ Աւստրիայէն ժամանած երաժիշտներ:
Աւարտին պիտի ցուցադրուի Կոմիտասին նուիրուած «Յաւերժի ճամբորդը” ներկայացումը` “Ծաղկազարդ” երգչախումբի եւ Սարգիս Նաճարեանի մասնակցութեամբ:
Հոկտեմբեր 1-ին, Գիւմրիի “Հոկտեմբեր” կինոթատրոնէն ներս պիտի ցուցադրուի Կոմիտասին նուիրուած հեռուստատեսային ֆիլմը: Այնուհետեւ պիտի իրականացուի համերգային ծրագիր:
Հոկտեմբեր 2-ին Վանաձորի Վարդաբլուր գիւղի թատրոնէն ներս պիտի ցուցադրուի Կոմիտասին նուիրուած ֆիլմ: Աւարտին Կոմիտասեան կատարումներով հանդէս պիտի գան Սփիւռքի եւ Վանաձորի մասնակիցները:
Հոկտեմբեր 3-ի երեկոյեան, Երեւանի Արամ Խաչատրեանի անուան մեծ համերգասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ փառատօնի հանդիսաւոր փակումը: Ելոյթ պիտի ունենան Հայաստանի պետական ակադեմիական երգչախումբը, նաեւ՝ ՀՀ-էն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն երգչախումբեր, երաժշտախումբեր եւ անհատ կատարողներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.