2013-09-25 12:46:21

Վատիկանը Միջազգային Հասարակութենէն Կը Խնդրէ Աւելի Համագործակցութիւն Յաչս Գաղթականութեան Ալիքին։


Գաղթականութեան ու թափառաշրջիկներու քահանայապետական խորհուրդին նախագահ` Կարտինալ Վելիօ, մամուլին ներկայացնելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը ուղղուած` գաղթականութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, միջազգային հասարակութենէն խնդրեց, յաչս գաղթականութեան ալիքին, աւելի համագործակցութիւն, մատնանշելով որ գրեթէ մէկ միլիառ անհատներ կ'ապրին գաղթականութեան իրավիճակի մէջ։
Կարտինալ Վելիօ իր կոչին մէջ խնդրեց, պետութիւններու միջեւ համագործակցութեան բարւոգում, մատնանշելով որ համագործակցութիւնը կ' ենթադրէ բացայայտ, հեռատես ու յանդուգն համաձայնագիր մը, ամէն գաղթականի արժանաւորութեան պաշտպանութեան ի խնդիր։
Միջազգային փոխադարձ օգնութիւնները պէտք են նպատակադրեն հարցերը լուծելու եւ ոչ թէ պարիսպներ բարձրացնելու եւ արգելք կանգնելու գաղթականութեան ալիքին։
ՄԱԿի տուեալներու համաձայն աւելի քան 232 միլիոն անհատներ կ'ապրին իրենց հայրենիքէն դուրս, եւ աւելի քան 740 միլիոն անծ ներգաղթական վիճակի մէջ են։ Յաչս այս ողբերգական կացութեան ու դժուարութիւններուն, գաղթականութիւնը հրաւէր մըն է երեւակայելու տարբեր ապագայ մը, լաւագոյն աշխարհի մը կերտումի համար, ըսաւ կարտինալ Վելիօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.