2013-09-25 12:31:35

Ուրուկուէյի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան Պիտի Կառուցուի


Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Յակոբ Տապակեան «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան տեղեկացուց, որ Ուրուկուէյի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան կառուցելու որոշում տրուած է:
Տապակեան յայտնեց, որ Ուրուկուէյի կառավարութիւնը արդէն իսկ տուած է իր հաւանութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի կառուցման համար: Ան յոյս յայտնեց, որ մինչեւ ցեղասպանութեան հարիւրամեակը կարելի ըլլայ կառուցել թանգարանը: Ըստ Տապակեանի, այժմ ծրագիր կը մշակուի աշխատանքները համակարգելու համար, մասնաւորաբար թանգարանին վայրին, թանգարանը նիւթերով համալրելու վերաբերեալ:
«Աշխատանքներ կը կատարուին այն ուղղութեամբ, թէ ո՛ւր պէտք է կառուցուի թանգարանը, ի՛նչ ձեւով: Մեր գաղութը հարիւր տարուան կամ աւելի պատմութիւն ունեցող գաղութ է, պէտք է զայն համալրելու ելքեր գտնենք: Կարեւոր է, որ ծրագիրը կեանքի կոչուի», ըսաւ Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատուն:
Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ կատարուող քայլերուն` ան նշեց, որ Հարաւային Ամերիկայի տարբեր երկիրներուն մէջ յանձնախումբեր կազմուած են, որ ամէն մէկը իր աշխատանքը կատարէ: Կան ծրագիրներ, որոնք պէտք է հաստատուին մինչեւ 100-ամեակը: Տարբեր բաժիններու ծրագիրներ են: Այսուհանդերձ Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատուն յայտնեց, որ իրենց հիմնական աշխատանքը կրթական ուղղութեամբ կը տարուի: Ան աւելցուց, որ շարք մը մեծ քաղաքներու իշխանութիւններուն կողմէ քայլեր կը կատարուին կրթական ծրագիրներուն մէջ ցեղասպանութեան վերաբերեալ գիտելիքներու հաղորդումը ներառելու ուղղութեամբ: Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ Հայաստան ընդլայնէ իր համագործակցութիւնը Հարաւային Ամերիկայի երկիրներուն հետ եւ զանոնք դիտարկէ իբրեւ իր գործընկերները:
Յիշեցնենք, որ Ուրուկուէյ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւ դատապարտած առաջին պետութիւնն է: Ուրուկուէյի Արեւելեան Հանրապետութեան Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան «Հայ նահատակներու յիշատակման օրուան մասին» բանաձեւը որդեգրուած է 20 ապրիլ 1965-ին:







All the contents on this site are copyrighted ©.