2013-09-25 12:32:09

''Ոչ Հաւատացեալներու Գաւիթ'' Ծրագիրը Նուիրուած Լրագրողներուն։


Քահանայապետական մշակոյթի խորհուդին ''Ոչ Հաւատացեալներու Գաւիթ'' կոչուած ծրագիրի յաջորդ հանգրուանը նուիրուած է լրագրողներուն։ Վերոյիշեալ ծրագրի կէտնպատակն է քաջալերել երկխօսութիւնը հաւատացեալներու եւ ոչ հաւատացեալներու միջեւ։ Չորեքշաբթի 25 սեպտեմբերի ժողովի ընթացքին որ ամբողջովին յատկացուած էր լրագրողներուն շօշափուեցան հետեւեալ նիւթերը. ընկերութեան եւ հաղորդագրութեան բարոյականը, տեղեկութեան ազատութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը, նպատակակէտ եւ ճշմարտութիւն , Հաւատք եւ մշակոյթ , Հաւատալ կը նշանակէ հաղորդել։
Յայտագիրին ծիրէն ներս նախատեսուած է ՝ երկխօսութիւն Քահանայաետական մշակոյթի խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Ճանֆրանքօ Րավազիի եւ Րէբուպլիքա Օրաթերթի հիմնադիր Էուճէնիօ Սքալաֆարիի միջեւ, որուն վերջերս ֆրանչիսկոս Պապը անձնական նամակ մը ուղղած էր։







All the contents on this site are copyrighted ©.