2013-09-25 12:32:31

Նիւ Եորքի Մէջ. Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Պիտի Հանդիպին Նալբանդեանին Եւ Մամետեարովին


ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով իր դիւանագիտական աղբիւրները, կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Նիւ Եորքի մէջ` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 68-րդ նստաշրջանի շրջագիծին մէջ, առանձին հանդիպումներ պիտի ունենան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը նախանցեալ օր յայտնած էր, որ Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած է Նալբանդեանի հանդիպումը միջնորդներուն հետ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Միացեալ Նահանգներ պիտի այցելէ 25-28 սեպտեմբերին, իսկ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը արդէն մեկնած է Նիւ Եորք:







All the contents on this site are copyrighted ©.