2013-09-25 12:38:53

Անտիոքի Ուղղափառ Եկեղեցին Ահազանգ Հնչեցուց Մաալուլայի Կացութեան Գծով։


Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի Ուղղափառ եկեղեցին երեքշաբթի 24 սեպտեմբերին հրատարակած հաղորդագրութեամբ մը ահազանգ հնչեցուց Սուրիոյ Մաալուլա շրջանի այժմու իրավիճակին գծով` տեղական թէ միջազգային պատկան կողմերու ուշադրութիւնը հրաւիրելով այս հարցին շուտափոյթ լուծման անհրաժեշտութեան վրայ:
Զինուրական գործողութիւնները կ՛աճին եւ մարդ արարածն է որ այս ողբերգրութեան սուղ գինը կը վճարէ, կրելով տառապանքներ ու փախչելով իր բնակավայրէն, անօթի ու ծարաւ։ Այս ուղղութեամբ Մաալուլայի սրբավայրն ալ կ՛ապրի տագնապալից օրեր - կը կարդանք Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի Ուղղափառ եկեղեցւոյ հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ - ուր ապա կոչ կ՛ուղղուի միջազգային հասարակութեան, վերջ դնելու արիւնայեղութեան եւ բռնութիւններուն։
Յայտնենք որ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի Ուղղափառ եկեղեցւոյ աթոռը կը գտնուի Տամասկոսի մէջ ու անոր գլուխն է Եուհաննա Եազիժի Պատրիարքը` ընտրուած 17 դեկտեմբեր 2012-ին։
Նշենք նաեւ որ առ ի զօրակցութիւն Մաալուլայի, երեքշաբթի 24 սեպտեմբերի երեկոյեան մոմավառութիւն եւ պատարագ մատուցուեցաւ Լիբանանի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.