2013-09-25 11:43:10

25 Սեպտեմբեր 2013։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը:


Չորեքշաբթի 25 սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան ժամը 10,30-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր Իտալացի եւ Օտարազգի ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Ունկնդրութեան աւարտին, ֆրանչիսկոս Պապը, Պօղոս Զ անուան սրահի քովնտի սրահներէն մէկուն մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց` Թոքիոյի ''Sophia University'' ի մէկ պատուիրակութեան։ Իսկ յետմիջօրէի ժամը 16-ին Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Միլանոյի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ` Անճէլօ Սոտանոն։
Հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին արտասանած իր ճառին մէջ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շարունակելով Եկեղեցւոյ մասին իր խորհրդածութիւնը ակնարկեց անոր ''Միութեան'' ըսելով`

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր,
Հաւատամքի դաւանանքի մէջ կ՛ըսենք ''կը հաւատամ մէկ եկեղեցւոյ'' այսինքն թէ Եկեղեցին մէկ է եւ թէ միութիւն է։ Եթէ անդրադառնանք Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, որ աշխարհի տարածքի վրայ ունի 3 հազար թեմեր, ուր կը խօսուին զանազան լեզուներ եւ կան բազմաթիւ մշակոյթներ, կը նկատենք թէ այս բոլոր կաթողիկէ հասարակութիւնները կը կազմեն միութիւն մը։ Միութիւն հաւատքի մէջ, միութիւն յոյսի մէջ, միութիւնը եղբայրսիրութեան մէջ եւ խորհուրդներու մէջ։ Եկեղեցին մէկ է բոլորին համար - յարեց Սրբազան Հայրը - չկայ եւրոպական, ափրիկեան, ասիական կամ ամերիկեան Եկեղեցի, այլ այս բոլորը կը կազմեն մէկ ընտանիք։ Հարկ է առ այդ մեր նաուածքը ուղղել մեր հորիզոններէն անդին որպէսզի մասնակից դառնանք Աստուծոյ միակ ընտանիքին` որ է Եկեղեցին։ Աստուած մեզի կը պարգեւէ միութիւնը սակայն մենք դժուարութիւն ունինք զայն ապրելու։ Հարկ է փնտռել ու կառուցել հաղորդութիւն որպէսզի կարենանք յաղթահարել անհասկացողութիւններն ու բաժանումները սկսեալ ընտանիքէն եւ եկեղեցական կառոյցներէն, համամիութեան երկխօսութեան ճանապարհով։ Մեր աշխարհը միութեան կարիքը ունի, կարիք ունի հաշտութեան եւ հաղորդութեան ու Եկեղեցին հաղորդութեան օճախն է։ Եկեղեցւոյ միութեան ''շարժիչ ուժը'' Սուրբ Հոգին է։ Միութիւնը մեր կամքով չ՛իրագործուիր։ Ասոր համար աղօթքը կարեւոր է։ Աղօթքը միութեան ի սպաս մեր յանձնառումի հոգին է։ Հայցենք Տիրոջմէ միութեան պարգեւը որպէսզի կարենանք սէրը տանիլ հոն ուր կայ ատելութիւն, ներումը տանիլ հոն ուր կայ նախատինք եւ հոն ուր բաժանում կայ միութիւն հաստատենք։

Նորին Սրբութիւնը ապա զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ գտնուող զանազան խումբերը հուսկ յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ըսելով` ''Աղօթեցէք Տիրոջ, Եկեղեցւոյ, ընտանիքներուն եւ աշխարհի միութեան համար, որպէսզի ատելութիւնն ու անհասկացողութիւնը յաղթահարուին ու ամէնքը վերագտնեն խաղաղութենէն բխող ուրախութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.