Ռուհանի Նիւ Եորք Մեկնելէ Առաջ Կը Դատապարտէ Իրանի Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր
ժողովին ներկայ գտնուելու համար մեծ պատուիրակութեամբ մը Նիւ Եորք մեկնելէն առաջ դատապարտեց
իր երկրին դէմ հաստատուած պատժամիջոցները եւ Արեւմուտքին կոչ ուղղեց Թեհրանի հիւլէական
ծրագիրին շուրջ երկխօսութիւն կատարելու: Ռուհանի այսօր Ընդհանուր ժողովին առջեւ պիտի
արտասանէ խօսք մը, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է եւ յունիսին նախագահ ընտրուելէն ետք
միջազգային բեմի վրայ անոր առաջին ճառն է: Ռուհանի Թեհրանէն մեկնած ատեն լրագրողներու
յայտնեց, որ «պատժամիջոցներու ուղին անընդունելի է: Անոնք, որոնք այդ պատժամիջոցները
որդեգրեցին, իրենց նպատակներուն պիտի չհասնին»` աւելցնելով, որ «փոխանակ այդ ուղիով ընթանալու,
անոնք (արեւմուտքցիները. «Ա.») պէտք է հաղորդակցութեան, բանակցութեան եւ հասկացողութեան
վրայ հիմնուած այլ ուղի մը ընտրեն»: Նշենք, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան
հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն երէկ յայտարարեց, որ Իրանի արտաքին գործոց
նախարարը այս շաբթուան ընթացքին հանդիպում պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի
հինգ մնայուն անդամներու ներկայացուցիչներուն հետ: