2013-09-24 12:48:27

''Յիսուս միշտ մեզի կը սպասէ, այս է Աստուծոյ խոնարհութինը'' Eսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պատարագի Ընթացքին Արտասանած Քարոզին Մէջ։


''Յիսուս միշտ մեզի կը սպասէ, այս է Աստուծոյ խոնարհութինը'' - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը Տոմուս Սանդա Մարդայի մատրան մէջ սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը ներշնչուած օրուան սաղմոսէն ''Ուրախութեամբ պիտի երթանք Տիրոջ տունը'', ընդգծեց թէ Խորհուրդները՝ կախարդական արարողութիւններ չեն, այլ՝ Յիսուսին հետ հանդիպում մը որ մեզի կ՝ընկերանայ մեր բոլոր կեանքին ընթացքին։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա շարունակեց. ''Աստուծոյ ժողովուրդի պատմութեան մէջ տխուր եւ ուրախ դէպքեր պատահած են։ Թէ տառապանքի եւ թէ ուրախ պահերուն, միայն մէկ բան միշտ նոյնն մնացած է` Տէրը միշտ ներկայ եղած է , եւ երբեք չէ լքած իր ժողովուրդը։ Որովհետեւ մեր Տէրը , սկզբնական մեղքին օրը որոշում առաւ, ընտրանք մը կատարեց ՝ պատմութեան մէջ մնալ իր ժողովուրդին հետ միասին։ Եւ Արարիչը որ Պատմութիւն չ՝ունի որովհետեւ Ան յաւիտենական է, ուզեց Պատմութեան մէջ մտնել Յիսուսի միջոցաւ եւ քալել իր ժողովուրդին հետ։ Ահաւասիկ հոս է որ կը յայտնուի Աստուծոյ հեզութիւնը ։

Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակեց ըսելով ՝՝ Եթէ Աստուած մեր պատմութեան մէջ մտաւ , մենք ալ մտնենք Աստուծոյ պատմութեան մէջ. կամ առնուազն Անորմէ խնդրենք շնորհքը՝ որ Ինք գրէ մեր պատմութիւնը







All the contents on this site are copyrighted ©.