2013-09-24 11:46:47

Հաւատքի Տարուան Առիթով Կրօնուսոյցներու Միջազգային Հաւաք Հռոմի մէջ ։


Հաւատքի տարուան բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու շարքին, 25 - 29 սեպտեմբեր Հռոմի մէջ տեղի կ' ունենայ ''Կրօնուսոյցները հաւատքի ճշմարիտ վկաներ են'' խորագրով, կրօնուսոյցներու միջազգային հաւաքը ։
Գերապայծառ ֆիզիքելլա` նախագահը աւետարանութեան քահանայպետական խորհուրդին, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնած է վերոյիշեալ հաւաքին յայտագիրը որ կը ներփակէ երեք հանգրուաններ.

- Առաջին` 25 սեպտեմբերին կրօնուսուցումի միջազգային Խորհուրդի ժողովը, սերտելու ու փոխանակելու կրօնուսոյցներու դիմագրաւած հարցերն ու փորձառութիւնները։ Յայտնենք որ վերոյիշեալ Խորհուրդը հիմնուած է Պօղոս Զ Քահանայպետի կողմէ 1973 թուականին։

- Երկրորդ` 26-28 սեպտեմբերին տեղի կ'ունենայ կրօնուսուցումի միջազգային գիտաժողով մը, Վատիկանի Պօղոս Զ կոչուած սրահին մէջ, խորհրդածելու կաթողիկէ կրօնագիրքի հաւատքի հայող բաժիններու վրայ։ Այդ առթիւ նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կրօնուսուցումի մասին ելոյթ մը։

- Երրորդ` 28-29 սեպտեմբեր, ուխտագնացութիւն ս. Պետրոս առաքելապետի գերեզմանին։ Ինչպէս նաեւ բազմաթիւ Եպիսկոպոսներու եւ Կարտինալներու ելոյթներ կրօնուսուցումի նիւթին մասին, Հռոմի զանազան եկեղեցիներուն մէջ։

Հաւաքը կ'եզրափակուի կիրակի 29 սեպտեմբերին, Վատիկանի մէջ մատուցուած հանդիսաւոր պատարագի արարողութեամբ, զոր պիտի գլխաւորէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եւ որուն աւարտին Ան պիտի արտասանէ կիրակնօրեայ ''Հրեշտակ Տեառն'' մարեմեան աղօթքը, աւելի քան հարիւր հազար կրօնուսոյցներու մասնակցութեամբ։

Գերապայծառ ֆիզիքելլայի գնահատումով կրօնուսուցումը սերտ կապ ունի աւետարանութեան հետ եւ այդ պատճառաւ հարկաւոր կը նկատուի կրօնուսոյցներու կազմաւորումը լաւագոյնս ճանչցնելու Աւետարանը ու պայքարելու ''կրօնական անգրագիտութեան'' դէմ։

Գերապայծառ ֆիզիքելլա մամուլին յայտնեց որ կաթողիկէ կրօնագիրքի կիրարկումը կարելի է գտնել ''Զմարդֆոնի'' եւ ''Թապլէդի'' վրայ ու նաեւ կարելի գտնել Ս. Գիրքի համարները բանալի-բառեր գործածելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.