2013-09-24 13:16:46

Հայաստանի եւ Քուէյթի Միջեւ Տնտեսական եւ Առեւտրական Յարաբերութիւնները Կ’ընդլայնուին


Հայաստանի եւ Քուէյթի միջեւ տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները մշտապէս կ’ընդլայնուին: Այդ մասին յայտարարած է Քուէյթի արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի նախարար Անաս Ալ Սալիհ Հայաստանի անկախութեան 22-ամեայ տարեդարձի տօնակատարութեան ժամանակ:
Անոր խօսքով վերջին տարիներուն գիւղատնտեսութեան եւ սնունդի արդիւնաբերութեան ոլորտի մէջ աճած են առեւտուրի ծաւալները:
Իր հերթին Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան շնորհակալութիւն յայտնած է Քուէյթին սուրիական փախստականներուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար, կը հաղորդէ KUNA գործակալութիւնը:
Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Քուէյթի միջեւ մշտապէս կը զարգանան յարաբերութիւնները քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, ընկերային, կրթական ոլորտներու մէջ:
Հայ դիւանագէտը նաեւ յոյս յայտնած է, որ յարաբերութիւնները միւս արաբական երկիրներու հետ կը բարձրանան այն մակարդակին, ինչպէս որ Քուէյթի :
Քուէյթի հայ համայնքը կը հաշուէ մօտ 6000 մարդ:







All the contents on this site are copyrighted ©.