2013-09-23 09:39:31

ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հանդիպումը Գարիդասի Աղքատներուն Եւ Գալիարիի Բանտարկեալներուն Հետ


Գալիարի կատարած միօրեայ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` 22 սեպտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 3-ին, Գալիարիի Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիպում ունեցաւ Գալիրաիի Գարիդասի աղաքատներուն եւ Գալիարիի բանտարկեալներուն հետ։
Գալիրարիի առաջնորդ` գերապայծառ Միլիոյի կատարած ներկայացումէն ետք Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խօսք մը ուղղեց ներկաներուն որուն մէջ ըսաւ` Այսօր այս վայրին մէջ ամէնքս եղբայրներ ենք։ Հոս միակ Հայրը մեր Երկնաւոր Հայրն է եւ միակ վարդապետը Յիսուս Քրիստոսն է։ Անոր ուղղենք մեր նայուածքը, Անոր` որ ընտրեց խոնարհութեան եւ ծառայութեան ճանապարհը։ Քրիստոսի խոնարհութիւնը իսկական է։ Ան ընտրեց ըլլալ մանուկներուն հետ, անտեսուածներուն հետ ու մեր հետ` որ մեղաւորներ ենք։ Յիսուս մեր ուրախութիւնն է ու մեր վստահութիւնը ու հարկ է հետեւիլ Անոր։ Ան որ ճանապարհ ու կեանք է - հաստատեց Սրբազան Հայրը - ու ապա քաջալերեց ներկաները յարատեւելու ողորմութեան ճանապարհով։ Չենք կրնար Յիսուսին հետեւիլ եթէ իրար զիրար չի սիրենք, եթէ չի համագործակցինք իրարու հետ եւ եթէ իրար զիրար չի հասկնանք ու իրարու չի ներենք - ըսաւ Ան - ու ապա մատնանշեց թէ Քրիստոսի ողորմածութեան ճանապարհով ընթանալ կը նշանակէ Յոյս սերմանել։
Իտալական ժամանակակից ընկերութիւնը եւ յատկապէս Սարտէնիան պէտք ունին Յոյսի։ Որպէս Եկեղեցի` ամէնքս պատասխանատուութիւնը ունինք յոյսը սերմանելու, զօրակցութեան գործերով, պատկան իշխանութիւններուն հետ համագործակցելով ու յարգելով ամէն մէկուն պատասխանատուութիւնը ։
Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակեց ըսելով` Գարիդասը հասարակութեան արտայայտութիւն է եւ քրիստոնեայ հասարակութեան ուժն է, նման թթխմորի որ ընկերութիւնը կ՛աճեցնէ։ Ես ձեզի կ՛ըսեմ` Քաջութիւն - յարեց ֆրանչիսկոս Պապը - Մի թողուք որ յոսը խլեն ձեզմէ եւ յառաջ ընթացէք։ Սիրելի բարեկամներ խնորհակալութիւն։ Ձեր ընտանիքներուն հետ միասին ձեզ բոլորդ կ՛օրհնեմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.