2013-09-23 15:07:03

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 23 Սեպտմեբերի Գործունէութիւնը եւ Գալիրաիի Երիտասարդներուն Ուղղած Ճառը։


Երկուշաբթի 23 սեպտեմբերի առաւօտեան ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ յաջորդաբար ընդունեց Բէրուի Սուրբ Աթոռի մօտ նոր անուանուած դեսպան` Տիար Խուան Գարլոս Կամարրա, հաւատարմագրերու ներկայացումի առթիւ, ապա Կարտինալ Ժորժ Ալէնքէրրի` Հնդկսատանի Սիրո - Մալապար Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս հուսկ Կարտինալ Խուան Լուիս Չիբրիանի Թոռն` Լիմայի Արքեպսիկոպոսը ու ապա Իտալիոյ Ասդի քաղաքի առաջնորդ գերապայածառ ֆրանէթսքօ Կուիտօ Րաժինալէն ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ժամը 12,30- ըդնունեց Տիար Գամիլո Րէյը։

Իսկ երէկ` կիրակի 22 սեպտեմբերին, Սարտէնիայ կատարած առաքելական միօրեայ այցելութեան աւարտին, յետմիջօրէի ժամը 5-ին, ֆրանչիսկոս Պապը Գարլօ Ֆէլիչէ տարածքի վրայ հանդիպում ունեցաւ Սարտէնիայի աւելի քան 100 հազար երիտասարդներուն հետ, որոնք մեծ խանդավառութեամբ ըկալեցին Քահանայապետը եւ մեծ ուշադրութեամբ ունկնդրեցին անոր երկարաշունչ ճառը որուն մէջ Սրբազան Հայրը երիտասարդներէն խնդրեց ''ձգտիլ միշտ բարձունքներուն եւ վստահիլ Յիսուսի որուն հետ կարելի է բարեփոխել ամէն բան''։

Ձեր հետ այս հանդիպումը - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ինծի կը յիշեցնէ Րիօ Տէ Ժանէյրօյի երիտասարդութեան համաշխարհային օրերը։ Գեղեցիկ փորձառութիւն մը, հաւատքի եւ եղբայրութեան տօնակատարութիւն որ ուրախութեամբ լեցուց մեր սրտերը։ Նոյն ուրախութիւնն է որ կ՛ապրինք նաեւ այսօր։ Փառաբանենք Տէրը եւ Պոնարիայի Սուրբ Կոյս Մարիամը։ Ինքն է որ առիթ ընծայեց իրարու հանդիպելու այսօր։ Միշտ աղօթեցէք Անոր, ձեզի կը վստահեցնեմ որ շատ լաւ Մայր մըն է։
Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց հրաշագործ ձկնորսութեան դէպքին զոր պատահեցաւ Գենեսարէթի ծովակին մօտ, երբ Յիսուս Սիմոն Պետրոսին հրամայեց ''առաջացիր դէպի բացերը եւ ուռկանները նետեցէք` ձուկ որսալու համար''։ Պետրոս ու իրենցջ ընկերները ամբողջ օրը ձկնորսութեան յատկացուցած էին բայց ոչ մի ձուկ որսացած էին։ Ձախորդութեան փորաձառութիւն մը։ Փորձարութիւն մը որ կ՛ապրի մեզմէ ամէն մէկը առօրեայ կեանքին մէջ։ Սակայն Պետրոս վստահեցաւ Յիսուսի խօսքերուն ու ըրաւ այն ինչ որ հրամայած էր եւ վարձատրուաեցաւ։ Հարկ է ուրեմն յաղթահարել վհատութիւնն ու յոռետեսութիւնը։ Յոռետես Քրիստոնեաները ըլլալը` տգեղ է։ Դուք երիտասարդներդ չէք կրնար առանց Յոյսի ապրիլ։ Յոյսը ձեր էութեան մասնիկ մըն է։ Երիտասարդ մը առանց յոյսի, երիտասարդ ըլլալէ կը դադրի։ Կանխաւ ծերացած անձ մըն է։ Եւ երբ երիտասարդ մը յոյսը կորսնցնէ, ուրախութիւնը կորսնցնէ, զանոնք կը փնտռէ ''մահ'' վաճառողներու մօտ։ Ձեր երիտասարդութիւնը մի ծախէք անոնց - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու վերադառալով Աւետարանի դէպքին յանձնարարեց վստահիլ Յիսուսին այնպէս ինչպէս ըրաւ Սիմոն Պետրոս։
Ես Հոս չեմ եկած ցնորք ծախելու - ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը - Ես եկած եմ ձեզի ըսելու` կայ Անձ մը որ ձեզ կրնայ առաջնորդել։ Անոր վստահեցէք։ Յիսուսն է։ Վստահեցէք Յիսուսին։
Խօսքը եզրափակելէ առաջ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը դարձեալ ակնարկեց Յիսուսի խօսքին ''' ուռկանները նետեցէք ձուկ որսալու համար''։ Սիրելի երիտասարդներ -ըսաւ Ան - դուք եւս կանչուած էք դառնալու Մարդոց Որսորդներ։ Մի վարանիք ուրախութեամբ վկայելու Աւետարանը։ Վստահեցէք Յիսուսին ինչպէս ես վստահած եմ Անոր։ Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց իր երիտասարդութեան փորձառուեան ու իր կոչումին` 60 տարիներ առաջ Տէրը զիս կանչեց իրեն հետեւելու եւ ես ուրախութեամբ այդ քայլը ըրի ու երբեք չեմ զղջացած։ Ունեցայ դժուար ու ձախոր պահեր, սակայն միշտ Իրեն վստահեցայ ու ինք զիս միայնակ չի թողուց երբեք։ Որովհետեւ Տէրը Հաւատարիմ է միշտ։
Սրբազան Հայր խօսքը եզրափակեց երիտասարդները հրաւիրելով յառաջ ընթանալու, առանց վախի, Յիսուսի հետ։ Որովհետեւ Ան երբեք չի սխալիր, հիասթափ չի լքեր, Ան հաւատարիմ է։








All the contents on this site are copyrighted ©.