2013-09-23 12:28:42

Մամլոյ Ասուլիս Ներկայացնելու ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Գաղթականութեան Համաշխարհային Օրուայ Պատգամը։


24 սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան ժամը 11,30-ին, Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ, տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս ներկայացնելու համար ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գաղթականներու համաշխարհային օրուայ առթիւ հրատարակած պատգմաը որուն խորագիրն է ''գաղթականներ եւ փախստականներ դէպի աւելի լաւ աշխարհի համար։ Յայտնենք որ ''Գաղթականներու Համաշխարհային Օրը'' կը նշուի 19 յունուար 2014-ին։
Մամլոյ ասուլիսը կը ներկայացնեն Գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու հովութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Վէլիոն, վերոյիշեալ խորհուրդի քարտուղար` գերապայծառ Ժոզէֆ Գալադիբարամպիլ եւ ենթաքարտուղար` հայր Կապրիէլ Պէնդոլիօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.