2013-09-23 12:16:20

«Մեր Տուեալները Կը Փաստեն, Որ Զինեալները Սուրիոյ Մէջ Քիմիական Զէնքերու Պահեստանոցներ Ունեցող Շրջաններու Կը Տիրեն» Կ՛ըսէ Լաւրով


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Ռուսիոյ ունեցած տուեալները կը փաստեն, որ զինեալները Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու պահեստանոցներ ունեցող շրջաններու կը տիրեն` նշելով, որ անհրաժեշտ է աշխատանք տանիլ քիմիական զէնքերը վնասազերծելու եւ ոչ թէ ուժի օգտագործումը արտօնող որոշում մը որդեգրելու` աւելցնելով, որ ՄԱԿ-ի հետաքննիչները պէտք է Սուրիա վերադառնան շարունակելու համար հետաքննութիւնը:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց, որ «Մոսկուա պատրաստ է քիմիական զէնքերու միջազգային հետաքննիչներուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար Սուրիա ուժեր ուղարկելու»: Ան արեւմտեան ուժեր ամբաստանեց Սուրիոյ քիմիական զէնքերուն շուրջ համաձայնութիւնը բռնի ուժի օգտագործումով սպառնալու համար պատրուակ օգտագործելու համար` նշելով, որ «Արեւմուտքը Սուրիոյ հարցով կոյր է եւ Ռուսիան շանթաժի կ՛ենթարկէ»:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերֆելէ յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման առիթ մը ստեղծուի:
Ան գերմանական «Ֆիլթ ամ Սոնթակ» օրաթերթին յայտնեց, որ բոլոր կողմերը հետզհետէ կ՛անդրադառնան, որ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն յաղթական կարելի չէ դուրս գալ, ուստի երկար ատենէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, առիթ մը կրնայ ըլլալ հաստատելու զինադադար մը, որ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ ժողովուրդին շունչ քաշելու, մարդասիրական օժանդակութիւնները անոր հասցնելու եւ Ժընեւի խորհրդաժողովին ընթացքին քաղաքական լուծումին ճամբան հարթելու:







All the contents on this site are copyrighted ©.